2015-11-11 09:10:00

Եւրոպական Միութիւնը կը քննադատէ Թուրքիոյ մէջ հիմնարար իրաւունքներու Սահմանափակումները


«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու վերաբերեալ յառաջընթացի զեկուցումը, որուն մէջ խստօրէն քննադատած է մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական չափանիշներու հարցին մէջ ունեցած լրջագոյն թերութիւնները:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ քաղաքական հարցերուն մէջ «բարեփոխումներու կշռոյթները դանդաղեցուած են», իսկ որոշ առանցքային օրէնսդրական կարգաւորումներ «կը հակասեն եւրոպական չափանիշներուն»: Եւրոպական Միութիւնը փաստած է, որ լրջագոյն թերութիւններ կան մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան ապահովման հարցերուն մէջ:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Եոհաննես Հան նշած է, որ նախորդ տարուան ընթացքին բազմաթիւ առարկայական թերութիւններ ազդած են դատական իշխանութեան անկախութեան, ինչպէս նաեւ ազատ հաւաքներ կատարելու եւ արտայայտուելու իրաւունքներուն վրայ: Ան յատկապէս ընդգծած է լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու նկատմամբ կիրարկուող ճնշումներն ու սպառնալիքները:

Եւրոպական Միութեան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ եւրոպական չափանիշներուն մօտենալու փոխարէն Թուրքիոյ մէջ կայ զգալի յետընթաց` խօսքի եւ հաւաքներ կատարելու ազատութեան հարցին մէջ:

Զեկուցումը կը շեշտէ օրէնքի իշխանութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի հարցով ընդհանուր ժխտական ընթացքը:

Զեկուցումը Թուրքիոյ 1 նոյեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կազմուած կառավարութեան կը յանձնարարէ այս հրատապ առաջնահերթութիւններով զբաղելու:

Զեկուցումի հրապարակումը դիտմամբ յետաձգուած էր` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատճառով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.