2015-11-11 09:12:00

Առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի 30-րդ միջազգային ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) Առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի  30-րդ միջազգային  ժողովը­­, տեղի պիտի ունենայ Վատիկան 19-21 նոյեմբեր Վատիկանի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նոր սրահին մէջ։

Վատիկանի քահանայապետական առողջութեան նախագահը՝ գերապայծառ  Զիկմունթ Զիմովսքի  19-21 նոյեմբեր կը կազմակերպէ գիտաժողով մը վերակոչելու վերոյիշեալ խորհուրդին հաստատման 30-րդ տարեդարձը։ Գիտաժողովին նպատակն է. զատորոշել  ռազմավարութիւնները ու սահմանել կէտ նպատակներ լաւագոյնս ծառայելու ամէն անհատին, կարօտեալին ու տառապողին։

Հաւաքին նիւթն  է՝՝առողջապահութեան մշակոյթը մարդու ու բնութեան ի սպաս՝՝։

Ժողովին կը մասնակցին մասնագէտներ եկած աշխարհի չորս ծագերէն։ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ժողովի մասնակցողներուն ու վստահաբար անոնցմէ պիտի խնդրէ մեծ նուիրումով ծառայել մարդուն ու բնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.