2015-11-10 12:41:00

Ֆրանչսիկոս Պապին մասնակցութիւնը Ֆիրենցէի եկեղեցական ազգային հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Փրաթօ եւ Ֆիրենցէ կատարած Հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆիրենցէի Մկրտարանի կից գտնուող Սանթա Մարիա Տէլ Ֆիորէ – Ծաղիկի Տիրամօր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդէպում ունեցաւ Իտալիոյ Եկեղեցական ազգային ժողովի  ներկայացուցիչներուն հետ ու այս առթիւ անոնց արտասանեց երկարաշունչ ճար մը ներշնչուած ազգային հաւաքի բնաբնէն ''Յիսուս Քրիստոսի մէջ նոր մարդկայնապաշտութիւն''։

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Աստուած իր Որդին աշխարհ չուղարկեց դատապարտելու համար աշխարհը այլ Անոր միջոցաւ փրկելու զայն։ Եւ այդ դատաւորին լոյսը ողորմածութիւնն է։ Մենք կարող ենք խօսիլ մարդկայնապաշտութեան մասին մեկնելով միայն Յիսուսի կեդրոնականութենէն, Անոր մէջ տեսնելով մարդկային դիմագիծի յատկութիւնները։

Մերած եւ յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսի դիմագիծին նայելով է որ կը կազմուի մեր մարդկութիւնը, նոյնիսկ առօրեայ կեանքի դժուարութիւններուն մէջ որ յատկանշուած է նաեւ մեղքով։ Յիսուս դիմագիծը ողորմութեան դիմածին է ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով այդ դիմագիծի երեք յատկութիւններուն։

Առաջինը հեզութիւնն է` Աստուծոյ փառքը որ կը յայտնուի Բեթղեհէմի քարայրին մէջ եւ կամ Քրիստոսի խաչի անպատուութեան մէջ։ Երկրորդ անշահագրգռութիւն` Սուրբ Պօղոս կը խնդրէ ըլլալ անշահագրգռիր։ Երբ մեր սիրտը լեցուն է  ինքն իրմով եւ գոհունակ, այդ ժամանակ տեղ չկայ Աստուծոյ. Մեր պարտականութիւնն է աշխատիլ որպէսզի այս աշխարհը դարձնենք աւելի լաւ վայր մը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ակնարկեց երրորդ յատկութեան` Երանութիւնները.

Քրիստոնեան երանի է երբ իր մէջ ունի Աւետարանի Ուրախութիւնը։ Տէրը երանութիւններու միջոցաւ մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը։ Երանութիւնները սկիզբ կ՛առնեն օրհնութեամբ ու վերջ կը գտնեն մխիթարութեան խոստումով։ Երանի ըլլալու համար եւ համտեսելու Յիսուս Քրիստոսի բարեկամութիւնն ու մխիթարանքը հարկ է ունենալ բաց սիրտ մը որ գիտէ ընկալել Սուրբ Հոգին, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց եկեղեցւոյ ինքնութեան վրայ մեկնելով այդ երեք յատկութիւններէն հեզութիւն, անշահագրգռութիւն եւ երանութիւնները։

Ես կը նախընտրեմ վիրաւոր, կեղտոտ եւ արկածահար եկեղեցի մը` ճանապարհներու վրայ քալած ըլլալուն համար, քան հիւանդ եկեղեցի մը որովհետեւ բակ է իր հանգստաւէտ կեանքին մէջ, ընդգծեց Սրբազան Պապը ու մատնանշեց այսպիսի վարուելակերպէն բխած փորձութիւններուն ապա յորդորեց ժողովականներն ու իտալական եկեղեցին իրենց հայեացքը ուղղելու Յիսուսին ու մտաբերելու վերջին դատաստանի օրը մէջբերելով Սուրբ գիրքէն հատուածներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա եպիսկոպոսներէն խնդրեց ըլլալ իսկական Հովիւներ կարող երկխօսութիւն եւ հանդիպում հաստատելու բոլորին հետ։ ։ Եղէք Հովիւներ եւ որ թէ կնճռոտ վարդապետութիւններ քարոզողներ, այլ մերած եւ Յարութիւն առած Քրիստոսը աւետողներ, յատկապէս խնամք տանելով աղքատներուն որոնք լաւապէս կը ճանչնան Յիսուս Քրիստոսի զգացումները։ Կանչուած ենք անոնց մէջ տեսնելու Քրիստոսի դիմագիծը ու դառնալու` անոնց դատը պաշտպանող ձայներ, ունկնդրելով անոնց աղաղակը եւ հիւրընկալելով զանոնք։ 

Եկեղեցին կարող թող ըլլայ յստակ պատասխան տալու ծագող հանրային հարցերուն որովհետեւ հաւատացեալները քաղաքացիներ են եւ հայրենիքը թանգարան մը չէ այլ միասնական գործ որ յարատեւ կառուցման մէջ է որտեղ միասնաբար կ՛ապրին բազմաթիւ զանազանութիւններ, յարեց Սրբազան Պապը ապա խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն հրաւիրելով ըլլալ Իտալիոյ կառուցողները ու աշխատիլ աւելի լաւ Իտալիոյ մը ի նպաստ։ Եղէք յանձնառու քաղաքական եւ ընկերային երկխօսութեան ծիրէն ներս կառուցելով  կապեր որոնք իրենց արմատները կը գտնեն Աստուծոյ սիրոյ մէջ։

Կ՛երազեմ  իտալական եկեղեցի մը` մօտ ժողովուրդին որ տարուած չըլլայ իշխանութեան ձգտումէն եւ թոյլ տայ որ անվախ առաջնորդուի  Սուրբ Հոգիի շունչէն։ Եկեղեցի մը որ ունենայ Մայրական դիմագիծ որ կը հասկնայ, կ՛ընկերանայ եւ կը գուրգուրա։

Սրբազան Հայրը ապա յորդորեց թեմական կառոյցներուն ''Աւետարանի Ուրախութիւնը'' յորդորագիրին սիւնհոդոսական ուսումնասիրութիւն մը կատարել հրաւիրելով`  ''վստահիլ  Իտալիոյ քրիստոնէութեան հանճարին որ անհատներու կամ առանձնաշնորհեալներու տրուած ժառանգութիւն մը չէ այլ հասարակութեան ու այս երկրի արտակարգ ժողովուրդին''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց Ամենասուրբ Աստուածածնայ հովանիին յանձնելով բոլոր 2500 ժողովականները։ Հուսկ հանդիպումին աւարտին արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ փոխադրուեցաւ''Աւետման'' Պազիլիքա ուր հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած հիւանդներուն հետ ու հանդիպումէն ետք ուղղուեցաւ Աղքատիկ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի  ճաշատուն ուր աղքատներուն հետ բաժնեկցփցաւ սիրոյ սեղանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.