2015-11-10 16:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը Ֆիրենցէյի մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 10 նոյեմբերի  յետմիջօրէին, Ֆիրենցէ Քաղաքին շնորհած այցելութեան  ծիրէն ներս,  Քաղաքի մարզադաշտին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ Պատարագ մատուցեց հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուայ Աւետարանական ընթերցումը, ուր Յիսուս Առաքեալներու հարց կու տայ ''Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ թէ ըլլայ Մարդու Որդին'' (Մատթ 16.13).... Նորին Սրբութիւնը յարեց թէ սոյն  հարցումը ցոյց կու տայ թէ ինչքան Յիսուսի հայեացքն ու սիրտը բաց է բոլորին հանդէպ։ 

Յիսուս կը հետաքրքրուէր ժողովուրդի մտածումով անոնց հետ հաղորդել կարենալու համար։ Առանց գիտնալու ժողովուրդի մտածումը,ըսաւ Սրբազան  Հայրը ՝՝առաքեալը կը մեկուսանայ եւ կը սկսի ժողովուրդը դատել հիմնուած իր անհատական մտածումներուն ու համոզմունքներուն վրայ։՝՝

ժողովուրդը օգնելու եւ կազմաւորելու համար ու անոր հետ հաղորդութեան մէջ մտնալու համար միակ ձեւն է անոնց իրականութեան հետ առողջ կապակցութիւն պահել՝ անոնց արտասուքով եւ ուրախութիւնով։

Յիսուսի առաքեալները երբեք պէտք չէ մոռնան թէ ուրկէ ընտրուած են ՝ ժողովուրդէն, եւ երբեք պէտք չեն ենթարկուիլ անջատուած կապեր հաստատելու փորձութեան, այսինքն անհրաժեշտ չի նկատել այն ինչ որ ժողովուրդը կ՝ապրի կամ կը մտածէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա օրինակ բերաւ Թոսքանա մարզէն ծագումով Սուրբ Լեւոն Մեծ Քահանայապետը որուն ծիսական յիշատակը կը նշուի այսօր եւ ըսաւ  ''Ան միշտ կը մտածէր թէ ժողովուրդը ինչպէս կը ճանչնայ Յիսուսը''։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Յիսուսին աշակերտներու ուղղած երկրորդ հարցումին` ՝՝Իսկ դուք ով կը կարծէք որ ըլլամ՝՝։  Հարկադրանք մը, ըսաւ Ան, որ այսօր եւս կ՝արձագանգէ մեր խիղճերուն մէջ , եւ հրամայական կը նկատուի մեր ինքնութեան եւ մեր առաքելութեան համար։ Լոկ Յիսուսի ճշմարիտ ճանաչողութեամբ է որ  ի վիճակի կ՝ըլլանք նայելու մեր մարդկային պայմաններուն, եւ կարող կը դառնանք նպաստելու ամբողջական ընկերութեան մարդկայնականութեան հաստատեց Սրբազան Հայրը ու քարոզը եզրափակեց շեշտելով թէ  ''մեր ուրախութիւնը կը կայանայ՝ Յիսուսի մէջ Ճանչնալ  Աստուծոյ պատգամաւորը, Որդին՝ որ եկաւ եւ մարդկութեան փրկութեան համար գործիք  դարձաւ''։

Փրկագործութեան խորհուրդի արմատներու ներքեւ կը գտնուի Աստուծոյ ողորմածութեան կամքը, որ չ՝ուզեր յանձնուիլ մարդու թշուառութեան եւ մեղքին դիմաց, այլ ինքզինք մարդուն կը նուիրէ, այն աստիճան՝ որ Մարդ կը դառնայ, հանդիպելու համար իւրաքանչիւր անձին հետ։

Այս հաւատքի ճշմարտութիւնը գայթակղութեան ճշմարտութիւն է որովհետեւ կը պահանջէ հաւատալ Յիսուսին, այն անձին՝ որ Աստուած ըլլալով հանդերձ խոնարհեցաւ մինչեւ խաչ, եւ Ասոր Համար Աստուած Որդին ըրաւ Տիեզերքի Տէր։

Միայն Յիսուսի սրտէն մեկնելով կրնանք հասկնալ դաւանիլ եւ Ապրիլ Անոր Ճշմարտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.