2015-11-10 17:13:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին միօրեայ հովուական այցելութիւնը Ֆիրենցէ եւ Փրաթօ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 10 Նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իտալիոյ Փրաթօ քաղաք ուրկէ փոխադրուեցաւ ապա Ֆիրենցէ մասնակցելու համար Իտալիոյ եկեղեցական ազգային Ե ժողովի աշխատանքներուն։ 

Սրբազան Քահանայապետը Փրաթոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ գործարարական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ ու անոնց ուղղած ճառին մէջ յորդորեց չի փակուիլ անտարբերութեան մէջ այլ բացուիլ ու պատրաստ ըլլալ ուրիշներուն ընդառաջելու, անոնց հետ կիսելով Տիրոջ հետ հանդիպումի ուրախութիւնը։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց նաեւ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն, որ կը հրաւիրէ քրիստոնեաները զգեստաւորուելու Աստուծոյ զրահով պաշտպանուելու համար ''չար հոգիներէն'' ու այս Զրահին առաջին տեղը, ըսաւ Ան, կայ ճշմարտութիւնը ու հրաւիրեց չյոգնիլ պայքարելէ ճշմարտութեան համար։

 Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը, ինքնաթիռով, տեղափոխուեցաւ Ֆիրենցէ ու Ֆիրենցէի Մկրտարանի կից գտնուող Սանթա Մարիա Տէլ Ֆիորէ – Ծաղիկի Տիրամօր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդէպում ունեցաւ Իտալիոյ Եկեղեցական ազգային Ե ժողովի  ներկայացուցիչներուն հետ անոնց ուղղելով երկարաշունչ ճար մը որուն մէջ կեդրոնական նիւթը հանդիսացաւ` ըլլալ առաքեալ ու դէպի դուրս եկեղեցի մը բաց բոլորին հեռու դրամապաշտութենէն ու փառքի փնտռտուքէն ու մօտիկ ամենակարիքաւոր անձերուն եւ աղքատներու Եկեղեցի մը որ գիտէ քարոզել մեռած ու յարութիւն առած Քրիստոսը` անոր մեզի ցուցաբերած ողորմութեամբ։

Իտալիոյ եկեղեցական ազգային Ե ժողովի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելէ ետք Սրբազան Հայրը փոխադրուեցաւ''Աւետման'' Պազիլիքա ուր խումբ մը հիւանդներու հետ ներկայութեամբ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ապա ուղղուեցաւ Աղքատիկ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի  ճաշատուն ուր աղքատներուն հետ բաժնեկցեցաւ սիրոյ սեղանը։

Յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապ բացօթեայ Սուրբ Պատարագ  մատուցեց Ֆիրենցէի ''Արթեմիօ Ֆրանքի'' մարզադաշտին մէջ,  70 հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բանտարկեալներուն որոնք պատրաստած էին Սուրբ պատարագի խորանը։ Ապա ուղղուեցաւ մարտադաշտին քովնտի դաշտ մը ու ժամը 17-ին հրաժեշտ առնելով ինքնաթիռ բարձրացաւ վերադարձ կատարելով Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.