2015-11-10 12:52:00

Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 70-ամեակը


Նոյեմբեր 8-ին Թեհրանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 70-ամեակին նուիրուած տօնահանդէսը տեղի ունեցաւ Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը  տեղեկանայ Իրանի «Ալիք» օրաթերթէն:
Ծրագիրը յագեցած էր գեղարուեստական յայտագիրով:
ծրագիրի բանախօսն էր Լիտա Պերպերեան, որ ամբողջութեամբ ներկայացուց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրումն ու օծումը: Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի սիրոյ, գնահատանքի եւ օրհնանքի խօսքը ընթերցեց Արգին Արիստակէսեան: Եկեղեցական խորհուրդի խօսքը փոխանցեց Ժագլին Չհարմահալին:
Ձեռնարկի աւարտին Էդուարդ Յարութիւնեան բեմ հրաւիրեց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը` իր օրհնութեան եւ եզրափակիչ խօսքը ըսելու:
Վերջաւորութեան  ջերմ ընդունելութիւն  կազմակերպուած էր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.