2015-11-10 08:26:00

Աւստրալիոյ մէջ տեղադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Խաչքար։


Նոյեմբեր 8-ին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքին մէջ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանի բարձր հովանիի ներքոյ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Յիշատակի խաչքարի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը:

Ձեռնարկը իրականացուեցաւ Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Ուիլոուպի քաղաքային խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աւտրալիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Բարսեղ Վարդ Սուսանեան։

Յայտնենք որ 2015 թուականի Մայիսին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.