2015-11-09 10:58:00

Տոմինիքեան միաբանութեան հիմնադրութեան 800 ամեակի յոբելինական Սուրբ Տարին


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 7 նոյեմբերին, Հռոմի Սանթա Սապինա անուան տաճարին մէջ, սկիզբ առաւ

Տոմինիքեան միաբանութեան հիմնադրութեան 800 ամեակի առթիւ, միաբանութեան կողմէ հռչակուած յոբելինական Սուրբ Տարին, Տոմինիքեան Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւոր Հայր Պրունօ Քաոլորէի մատուցած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։

Նոյն օրը` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Տոմինիքեան Միոաբանութեան բոլոր անդամներուն։

՝՝Թող Տէրը Ձեզ օրհնէ սոյն տօնակատարութեան առթիւ, Եւ շատ շնորհակալ եմ ձեր աշխատանքին համար եկեղեցիէն ներս եւ ի նպաստ եկեղեցւոյ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Յայտնենք թէ միաբանութեան յոբելինական Սուրբ Տարին վերջ պիտի  գտնէ21 յունուար 2017-ին, որ կը զուգադիպի 800 տարի առաջ,  Օնորիոս Գ քահանայապետի“Gratiarum omnium largitori հռչակած կոնդակին, որուն միջոցաւ Սրբազան Պապը պաշտօնապէս Ճանչցաւ Տոմինիքեան միաբանութեան հաստատութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.