2015-11-09 12:10:00

ՏԱՀԵՇը ազատ արձակած է 37 ասորի պատանդներ


(Ռատիօ Վատիկան) Ասորի Եկեղեցւոյ տեղեկատուութեան լրատու գործակալութեան գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ` ահաբեկչական խմբաւորումը, Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի մօտ գտնուող Քապուր շրջանին մէջ անցեալ 23 փետրուարին առեւանգած 35 Քրիստոնեայ Ասորի հաւատացեալները ազատ արձակած է շաբաթ 6 նոյեմբերին, 27 կիներ եւ 10 այր մարդիկ։

Առ այժմը, ահաբիկչներուն գերիշխանութեան տակ կը գտնուին տակաւին 168 պատանդներ։ Նշենք, թէ  անցեալ Փետրուար ամսոյն, Սուրիոյ Քապուր հովիտին  մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները պատանդ առած էին 250 ասորի քրիստոնեաներ, որոնք հերթաբար  ազատ արձակուեցան  իսկ՝ անոնցմէ երեք անմեղ հոգիներ, անցեալ հոկտեմբեր ամսոյն  սկիզբը  գլխատուեցան ահաբեկիչներուն կողմէ,  այնպէս ինչպէս ի յայտ եկաւ համացանցի  միջոցաւ սփռուած պատկերներէն, որպէս սպառնալիք ահաբեկիչներուն պահանջած գումարներու վճարումները կատարելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.