2015-11-08 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Եկեղեցւոյ բարեփոխումի աշխատանքները կը շարունակուին...''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 8 նոյեմբեր 2015-ի կէսօրին Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները մատնանշեց անցեալ օրերու լուրերուն, հայող կողոպտուած եւ հրապարակուած վատիկանեան գաղտնի փաստաթուղթերուն, հաստատելով թէ ''Գողնալը յանցագործութիւն է եւ եղկելի արարք որ ոչ մէկ օգուտ ունի։ Ես ինքս­, հաստատեց Սրբազան Հայրը­­, խնդրած էի որ այդ ուսումնասիրութիւնը կատարուի եւ այդ փաստաթուղթերը ինծի եւ իմ համագործակիցներուս արդեն յայտնի էին։ Այս ուղղութեամբ առնուեցան ապա որոշումներ որոնք սկսան իրենց տեսանելի արդիւնքները տալ''։

Սակայն կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել որ այս ցաւալի իրադարձութիւնը զիս չի շեղեցներ բարեփոխումներու այն աշխատանքէն որ կ՛ուզենք իրականացնել իմ աշխատակիցներուս հետ միասին­, ձեր բոլորին նեցուկով։ Այո, համայն Եկեղեցւոյ նեցուկով որովհետեւ եկեղեցին կը նորոգուի աղօթքով եւ ամէն մկրտեալի առօրեայ սրբութեամբ։ Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ որ շարունակէք աղօթել Քահանայապետին ու Եկեղեցւոյ համար առանց անհանգստանալու­, այլ յառաջ ընդանալով վստահութեամբ եւ յոյսով։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւացեալներու խումբերը ու հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի ու անոնցմէ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.