2015-11-07 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Ընկերային Ապահովութեան ազգային Հաստատութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 7 նոյեմբերի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ առաջին անգամուան համար ունկնդրութիւն շնորհեց,  Իտալական Ընկերային Ապահովութեան  ազգային հաստատութեան աւելի քան 23.000 պաշտօնեաներուն։

Այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւն շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն բարձր գնահատելով ազգային հաստատութեան տարած աշխատանքները մասնաւորապէսս՝ աշխատանքային ծիրէն ներս պաշտօնեաներուն հանգստութեան իրաւունքներուն պահպանութիւնը,  որոնք հիմնուած են մարդկային անձին եւ անոր վերացական արժանապատուութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ` մէջբերելով Սուրբ Գիրքէն զանազան հատուածներ յայտնեց, թէ Աստուած՝ մարդ արարածը հանգստութեան կոչեց եւ շաբթուայ եօթներորդ օրը նոյնինքն Աստուած հանգչեցաւ։

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց.  թէ հաւատքի լեզուով հանգստութիւնը ունի Աստուածային եւ մարդկային ծաւալ,  պայմանով որ ան  չի վերածուի միայն  յոգնութենէ զուրկ սովորական օր այլ՝  դառնայ առիթ ամբողջութեամբ ապրելու իւրայատուկ  արարածութիւնը որ նոյնինքն Աստուած զայն  բարձրացուցած է Որդիական արժանապատուութեան։ Հանգիստը առ այդ կը դառնայ վայր ու ժամանակ յատկացուած Աստուծոյ ու մարդուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ  հաստատութեան՝ ընկերութեան մատուցած զանազան ծառայութիւններու մասին ու յանձնարարելով, որ առաջնահերթ ուշադրութեան արժանանայ իգական աշխատանքը  ինչպէս նաեւ մայրութեան ի սպաս խնամակալութիւնը որ պէտք է միշտ պահպանէ նորածինը ու այն որ  անոր կը ծառայէ  առօրեային մէջ։

Նորին Սրբութիւնը խնդրեց նաեւ որ աշխատանքի ծիրէն ներս   չի պակսին , ծերութեան, հիւանդութեան, արկածներուն նկատմամբ ապահովագրութիւնը ինչպէս նաեւ  պահպանուի Կրթաթոշակի իրաւունքը ապա աւելցուց  թէ  ''աշխատիլ կը նշանակէ,  պատմութեան մէջ երկարել Աստուծոյ  գործունէութիւնը  եւ անոր նպաստել անձնական, օգտաւէտ եւ ստեղծագործիչ  միջոցներով''։

Ֆրանչիսկոս ապպ ապա հրամայական նկատեց աշխատանքի ծիրէն ներս մարդկային ծաւալը։

՝՝Մի մոռնաք մարդ արարածը ասիկա հրամայական է՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց ''Սիրել եւ ծառայել մարդուն՝ խղճմտութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ, ոչ որպէս բարեսիրական գործունէութիւն այլ որպէս արդարադատութեան եւ օժանդակութեան  պարտականութիւն''։

Զօրակցիլ ամէնէն տկարին, որպէսզի ոչ մէկուն պակսի արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը  ապրելու մարդկայնական վաւերական կեանք մը։։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը  աւարտեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ապահովելով բոլորին իր աղօթքը ու խնդրելով որ յիշեն զինք իրենց աղօթքներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.