2015-11-07 09:15:00

Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Նորին Ամեն. Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի միջեւ


Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Գահիրէի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի միջեւ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ղպտի եկեղեցւոյ Միջ-Եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու՝ Մետրոպոլիտ Անպա Պիշոյ։

Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ երկու հոգեւոր պետերուն քննարկելու Հայ և Ղպտի Եկեղեցիներու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին-Արեւելքի Եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան լայն կարելիութիւններ ստեղծելու միջոցները։ Նաեւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ Միջին-Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Գործադիր Վարչութեան Ժողովին և յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Մ.Ա.Ե.Խ. Գործադիր Վարչութեան Ժողովը իր եզրափակիչ նիստին ընդհանուր յայտարարութիւն մը կատարեց, որուն մէջ նաեւ յիշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը։

Յայտնենք, որ Միջին-Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր համաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին, Ամմանի մէջ (Յորդանան)։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.