2015-11-07 09:24:00

Հալէպի մէջ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն բացումը կը կատարուի 13 դեկտեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հռչակած ''ողորմութեան'' Յոբելենական տարին  պաշտօնապէս սկիզբ կ՛առնէ Հռոմի մէջ` 8 դեկտեմբերին՝ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ։

Հալէպի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները որոշած են ողորմութեան յոբելենական տարւոյն դուռը բանալ 13 դեկտեմբերին։ ''Արարողութիւնը պիտի կատարուի ս. Ֆրանչիսկոսի նուիրուած լատիններու եկեղեցւոյ մէջ'' յայտարարած է առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէն։

Հալէպի նահատակ քաղաքի  Ս. Ֆրանչիսկոս եկեղեցին խորհրդանիշերով լի է, անիկա կը գտնուի քրիստոնեայ Ազիզիէ թաղամասին մէջ, վերջերս  թիրախ դարձած է ռմբակոծումի ընդդիմադիր ահաբեկիչներու կողմէ։ Ռմբակոծումը թէեւ եկեղեցւոյ գմբէթը վնասած է սակայն ոչ մէկ հաւատացեալ մահացած է հակառակ որ այդ պահուն աւելի քան 400 հաւատացեալներ կը մասնակցէին ս. Պատարագին։

Հալէպի հաւատացեալներուն համար ս. Ֆրանչիսկոսի եկեղեցին կը խորհրդանշէ Աստուծոյ նախախնամական պաշտպանութիւնը  չարէն։

2012-էն առաջ Հալէպի մէջ կը գործէին 30 եկեղեցիներ, ներկայիս ասոնց կէսը քանդուած են կամ անգործածելի։ 

Եպիսկոպոսները ս. ֆանչիսկոսի  եկեղեցին ընտրած են որպէս վայր ողորմութեան ս. Տարուան որուն դուռը պիտի բացուի, ինչպէս նշեցինք, 13 դեկտեմբերին, եւ այդ դռնէն անցնող հաւատացեալները պիտի արժանանան մեղքերու լիակատար ներողութեան։

Բացի Հալէպէն այլ երկու ս. Դռներ պիտի բացուին մէկը Դամասկոս` մայրաքաղաքին մէջ իսկ երրորդը Լաթաքիայի ծովեզերեայ քաղաքին մէջ։

Նշենք որ Հալէպ քաղաքը տարիներէ ի վեր պաշարուած է ու ենթակայ զինեալ ընդհարումի բանակի ու ընդդիմադիր ահաբեկիչներու միջեւ։ Բնակչութիւնը զրկուած է ջուրէն, ելեկտրականութենէն ու քարիւղէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.