2015-11-07 09:03:00

Ամերիկահայութեան թանգարանի խորհրդանիշն ու համացանցային կայքը


Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանի հիմնումին նպատակով Քալիֆորնիոյ հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցային բացառիկ համաձայնագիր մը կնքելու Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի Նոյեմբեր 4ի, 2014ի որոշումէն ճիշդ տարի մը ետք, թանգարանի վարչութիւնը բացայայտեց այդ ծրագիրին խորհրդանիշն ու համացանցային կայքը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբի այս նախաձեռնութեան իրազեկութիւնը բարձրացնելու նպատակով։

 «Կլենտէյլ քաղաքի «Սիվիք Օտիթորիըմ»ին կից Ամերիկահայութեան թանգարանի կառուցման համար տարուող աշխատանքները հասած են այն հանգրուանին, որ կրնանք անոր տրամադրուածյատուկ համացանցային կայք մը կազմել, ծրագիրին մանրամասնութիւնները հանրութեան ներկայացնելու նպատակով», կը յայտնէ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյԱրեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետն է։

 «Խորհրդանիշն ու համացանցային կայքը թանգարանի ծրագիրի ծալքերը համայնքին ներկայացնելու գործիքներն են եւ առիթ պիտի հանդիսանան Ամերիկահայութեան թանգարանին շուրջհանրային խորհրդակցութիւն կատարելու», կը բացատրէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ եւսԱմերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետն է։

 Նշենք, որ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութիւնը կազմուեցաւ այս տարուան Օգոստոսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբին կողմէ, կառավարելու համար թանգարանի կառուցման եւ պահպանման աշխատանքը։ Ծրագիրին նպատակն է հաստատել Քալիֆորնիոյ հայութեան պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող բարձրորակ թանգարան մը, որ միաժամանակ նախապաշարումներու դէմ պայքարելու կեդրոնի մը պիտի վերածուի։

 Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական քաղաքացիական եւ կրօնական ինը կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ ՀիւսիսայինԱմերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր ՄիութեանԱրեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը։

Թանգարանի խորհրդանիշը գեղարուեստական ներկայացում մըն է Արարատ լերան, դիտուած՝ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանէն։ Խորհրդանիշին մէջ Արարատ լերանզոյգ գագաթները կու գան կազմելու թանգարանի անգլերէն անուան երեք բառերու առաջին գիրերը։

Թանգարանի համացանցային կայքը ծրագիրին տեսլականը ծանօթացնելու վայրը պիտի հանդիսանայ։ Հոն տեղեկութիւններ պիտի դրուին թանգարանի ցուցահանդէսներուն, իրականացուելիքծրագիրներուն եւ վայրին մասին։ Անիկա նաեւ միջոց մը պիտի ըլլայ թանգարանին մասին առաջարկներ փոխանցելու համար վարչութեան։ Հոն պիտի զետեղուի նաեւ այժմ մշակուող թանգարանինընդհանուր նախագիծը, երբ անիկա վաւերացուի Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ։ Թանգարանի համացանցային կայքին հասցէն է՝ www.armenianamericanmuseum.org։

 Ամերիկահայութեան թանգարանը նաեւ կը ծրագրէ Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն հանրային հաւաքներ կազմակերպել, ծրագիրը հանրութեան ու կազմակերպութեանց ծանօթացնելու եւանոր իրականացման համար ներդրումներ ապահովելու նպատակով։

 Վարչութեան համաատենապետները յառաջիկայ երկու ամիսներուն կրնան համաձայնութիւն մը կնքել քաղաքապետարանին հետ՝ քաղաքի «Սիվիք Օտիթորիըմ»ին կից եւ Հանրային քոլեճինդիմաց գտնուող 1.7 արտավար (էյքըր) տարածքը նշեալ ծրագիրին համար երկարատեւ վարձքով օգտագործելու վերաբերեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.