2015-11-06 08:36:00

ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը ֆիրենցէ. Աղքատներու եւ ողորմածութեան կամաւորներու սպասումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 10 Նոյեմբերին ֆրանչիսկոս Պապը միօրեայ այցելութիւն կը կատարէ ֆիրենցէ` մասնակցելու համար Իտալիոյ եկեղեցական ազգային ժողովին։ Առիթէն օգտուելով Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ թեմի հաւատացեալներուն հետ ու մասնաւորապէս  հիւանդներուն ու կարօտեալներուն հետ։

Ողորմածութեան շարժումի  պատասխանատու` Andrea Ceccherini  Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով  յայտնեց թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ''Santissima Annunziata'' պազիլիքայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ հիւանդներուն հետ ու այդ հանդիպումը կազմակերպուեցաւ ինքնին  Նորին Սրբութեան խնդրանքով։ 

Պազիլիքայի մէջ Սրբազան Հայրը իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ ու պիտի աղօթէ 30 ծանր հիւանդներուն հետ միասին։ Այդ հանդիպումը վստահաբար պիտի ամոքէ ու մխիթարէ հիւանդները եւ միաժամանակ պիտի քաջալերէ բազմաթիւ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ իրենց նպաստը բերելու ու ծառայելու հիւանդներուն։

ֆիրենցէի մարզադաշտին մէջ ապա Սրբազան Հայրը պատարագ պիտի մատուցէ, հոն եւս Ողորմածութեան շարժում Unitalsi-ի  հետ միասին մարզադաշտ պիտի բերենք շուրջ 1500 անկարներ։ Բնականաբար ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''ողորմութեան տարւոյն'' հռչակումը մեծ քաջալերանք  կը հանդիսանայ բոլոր այն կամաւորներուն որոնք կ՛աշխատին ամոքել ցաւերը հիւանդներուն իրենց նուիրումով ու ժպիտով։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մեր շարժումին ունկնդրութիւն շնորհելով պարտականութիւն տուաւ մեզի յառաջ տանելու ''սիրոյ քաղաքակրթութիւնը'', ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ֆիրենցէի մէջ պիտի վերահաստատէ սիրոյ քաղաքակրթութեան հարկաւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.