2015-11-06 08:21:00

Կեդրոնական Ափրիկէի մահմետականները մեծ յոյսով կը սպասեն ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կրօնապետ Omar Kobine Layama՝ նախագահը ափրիկէի իսլամական խորհուրդին` ելոյթ ունենալով Ափրիկէի կաթողիկէ տեղեկատուութեան գրասենեակի հետ յայտնեց. ''մեծապէս կը յուսանք որ Սրբազան Պապը բացայայտ պատգամ մը ուղղէ հաւատացեալներու միութեան, միջ-կրօնական երկխօսութեան, մարդու իրաւունքներու ու խաղաղութեան նիւթերու մասին։ Մեր բաղձանքն է, որ իր պատգամը մեզ ազատագրէ ու օգնէ  վերակերտելու ընկերային կապերը երկրի զինեալ զանազան խումբերու միջեւ''։

Իմամը ապա մատնանշած է որ մահմետական ղեկավարները Սրբազան Պապէն խնդրեցին որ ապազինումի կոչ  մը ուղղէ  ընդդիմադիր խումբերուն։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը արդէն  շատ բան ըրաւ երկրին բոլոր բնակիչներուն համար ըլլայ անոնք կաթողիկէ, մահմետական, բողոքական կամ հոգեպաշտ, ըսած է միշտ կրօնապետ Լաեաման հաստատելով թէ ''Սրբազան Հօր ներկայութիւնը մեր մէջ պիտի ըլլայ աղօթքի առիթ''։

Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կեդրոնական Ափրիկէն կ՛այցելէ 29-30 նոյեմբեր 2015։

Նշենք նաեւ  թէ Գերապայծառ Cyriaque Gbate Doumalo Կեդրոնական Ափրիկէի եպիսկոպոսական դասին ընդհանուր քարտուղարը` խորհրդակցութիւններ ունեցած է մահմետական ներկայացուցիչներուն հետ միասին հայող Սրբազան Պապի երկրին այցելութեան եւ անոնցմէ խնդրած է  աջակցութիւն սատարելու երկրի ընկերային ապալարուածութեան։ ''Մեր յոյսն է որ Սրբազան Հօր խօսքերը նպաստեն խաղաղութեան վերահաստատումին - ըսած է գերապայծառ Տումալօ։

Նշենք որ Կեդրոնական Ափրիկէն ունի 4,4 միլիոն բնակչութիւն որուն մէկ երրորդը կաթողիկէ են։   








All the contents on this site are copyrighted ©.