2015-11-06 10:27:00

Ինդուներու 2015-ի ''Տիփավալի'' տօնին առթիւ պատգամ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջ-կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը Ինդուներու Տիփավալի տօնին առթիւ, զոր տեղի կ՛ունենայ 11 նոյեմբեր 2015-ին, պատգամ մը յղած է Ինդու հաւատացեալներուն անոնց մաղթելով որ այդ տօնակատարութիւնը հանդիսանայ ուրախութեան եւ ներդաշնակութեան փորձառութիւն` ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն համար։ 

Տիփավալիի տօնը ճանչցուած է նաեւ որպէս Լուսաւորութեան Տօն` բարիի չարին վրայ յաղթանակի տօն։ Այս տօնը կը զուգադիպի ընդհանրապէս հոկտեմբեր կամ նոյեմբեր ամիսներուն ու մեծ առիթ է ամրապնդելու` ընտանեկան եւ բարեկամական կապերը ։

Պատգամին մէջ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը կ՛ակնարկէ բնապահպանութեան հայող Ֆրանչիսկոս Պապին ''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերականին­ ու մարդկայնական տագնապին ու հրաւէր կ՛ուղղէ միացնելու ուժերը պահպանելու համար մարդկային կենսոլորտը ի սպաս ապագայի սերունդներուն։

''Որպէս արարչութեան պահապաններ ամէնքս կանչուած ենք պատասխանատուութեամբ եւ վճռակամօրէն պահպանելու ու խնամելու արարչութիւնը'' կը գրէ Միջ կրօնական Երկխօսութեան խորհուրդը ապա կը հաստատէ թէ աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու համար հարկաւոր է պատասխանատուութեամբ աշխատիլ ''բնութեան պահպանումի, աղքատներու պաշտպանումի եւ եղբայրական ու յարգալից ցանցի կառուցումին'' ինչպէս նշուած է ''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերականին մէջ, ու այս առընչութեամբ հարկաւոր է ունենալ պատշաճ զարգացում եւ կազմաւորում։

Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանի ստորագրութիւնը կրող` Միջկրօնական Երկխօսութեան խորհուրդի պատգամը կ՛եզրափաուիէ մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Պապին հաստատած ''Արարչութեան խնամակալութեան աղօթքի օրուան'' `1 սեպտեմբերին, մաղթանք յայտնելով որ այդ ձեռնարկը սատարէ այն գիտակցութեան ամրապնդումին` թէ հարկաւոր է դառնալ  արարչութեան լաւ պահապաններ եւ զարգացնել մարդկային բնապահպանութիւնը։

Բարի Տիփավալիի տօն։








All the contents on this site are copyrighted ©.