2015-11-06 08:16:00

Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութեան այցը Զմմառ։


Անցեալ Կիրակի 1 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու պատմական վանք այցելեց Երեւանի Պետական համալսարանէն պատուիրակութիւն մը, գիտական աշխատանքի նպատակով: Հայրենի պատմագէտներու խումբը կը գլխաւորէր՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխ տնօրէն՝ Պրն. Մհեր Յովհաննիսեան, որ հայագիտութեան համացանցային ծիրի խնդիրներուն մասնագէտ է: Պատուոյ հիւրերը առաջին հերթին ներկայ գտնուեցան կիրակնօրեայ աստուածային պաշտամունքին՝ վանքիս մայր տաճարին մէջ: Որմէ ետք՝ պատուոյ հիւրերը դպրեվանքի դահլիճը ուղղուեցան, ուր դպրեվանքի փոխ տեսուչ՝ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեանը, յանուն Միաբանութեան, բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն և սրտի անհուն գոհունակութիւնը յայտնեց այս այցելութեան համար, յատկապէս այն պատճառով որ Երեւանի Պետական Համալսարանը սփիւռքահայ կառոյցներուն կողքին կը կանգնէր: Այնուհետեւ հիւրերը այցելեցին վանքիս զանազան բաժանմունքները ինչպէս՝ Թանգարան, Մատենադարան, Հնատիպ Գիրքերու բաժին, Ձեռագրատուն և Գինեմառան, ապա նաեւ նորակառոյց «Աբրահամ Արծիւեան» ժողովասրահը: 
Կէսօրին՝ մեծայարգ հիւրերը դպրեվանքի սեղանատան մէջ մասնակցեցան եղբայրական ագապին, Վարչական Խորհուրդի անդամներուն և դպրեվանքի ուսանողներուն հետ միասին, ուր Պրն. Մհեր Յովհաննիսեան իր բաժակաճառին մէջ անդրադարձաւ Զմմառու վանքի հոգեւոր և կրթական կեանքին, շնորհակալութիւն յայտնեց այս սիրալիր ընդունելութեան համար և հուսկ գնահատեց և քաջալերեց Զմմառու վանքին մէջ կատարուած հոգեւոր և մշակութային աշխատանքները: 








All the contents on this site are copyrighted ©.