2015-11-05 13:46:00

Սերժ Սարգսեան ընդունեց Չեխիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդը։


Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 5-ին ընդունեց Չեխիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Պրահայի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տոմինիք Տուքան:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` նախագահը ողջունած է հիւրը, որ, անոր խօսքով, հայ ժողովուրդի լաւագոյն բարեկամներէն է եւ մշտապէս սպասուած հիւր Հայաստանի մէջ: Սերժ Սարգսեան ջերմութեամբ յիշած է Քարտինալ Տուքայի հետ իր նախորդ հանդիպումն ու գոհունակութեամբ փաստած, որ հայ-չեխական տարբեր մակարդակի հանդիպումներէն ետք երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման նոր լիցք կը հաղորդուի եւ կը շարունակուի աշխոյժ զարգանալ:

Նախագահ Զեմանի հետ իր հանդիպման ժամանակ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպանութեան բացումը եւս, նախագահ Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, զգալիօրէն կը նպաստէ հայ եւ չեխ ժողովուրդներու բարեկամութեան, երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին: «Լինելով քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն աշխարհում առաջինն ընդունած պետութիւն` մենք մեծապէս արժեւորում ենք աշխարհընկալմամբ մեզ մօտ կանգնած ժողովուրդների հետ հոգեւոր կապի եւ փոխյարաբերութիւնների ընդլայնումը: Անկասկած, չեխ ժողովուրդը նրանց թուին է պատկանում: Այդ տեսանկիւնից մեծապէս կարեւորում եւ բարձր եմ գնահատում ձեր այցը Հայաստան»,- ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանդիպումին երկուստէք կարեւորուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Չեխ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ համագործակցային մթնոլորտը, ուր, ըստ նախագահին, անգնահատելի է Քարտինալ Տուքայի դերը: Հանրապետութեան նախագահը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Պրահայի Սուրբ Հոգի եկեղեցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ծխական համայնքին տրամադրելու կապակցութեամբ` այդ քայլը մեծ իրադարձութիւն համարելով Չեխիոյ հայ համայնքի կեանքին մէջ` անոնց հաւատքի եւ ինքնութեան պահպանման տեսանկիւնէ:

«Շատ ուրախ եմ, որ ինծի առիթ ընձեռուեցաւ այցելելու Հայաստան` երկիր մը, որ ոչ միայն առաջինը ընդունած է քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն, այլեւ ունի հարուստ հնագոյն պատմութիւն ու մշակոյթ եւ ժողովուրդ մը, որ այդ ամէնուն կրողն է եւ մեծագոյն յարգանք կը ներշնչէ»,- ըսած է Չեխիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Պրահայի արքեպիսկոպոսը:

Նշելով, որ չեխ ժողովուրդը քաջատեղեակ է, թէ ինչ ոճրագործութիւն կատարուած է անցեալ դարասկիզբին հայ ժողովուրդին նկատմամբ, Քարտինալ Տոմինիք Տուքան ընդգծած է, թէ` վստահ է` երկու բարեկամ ժողովուրդներուն, պետութիւններուն եւ եկեղեցիներուն միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններն ու փոխգործակցութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ նաեւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու անհանդուրժողականութեան վերացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.