2015-11-05 10:29:00

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին զօրակցութիւնը բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը չորեքշաբթի 4 նոյեմբերին Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ներկայացուց Հռոմի մէջ ընտանիքի յատուկ սիւնհոդոսին իր բերած մասնակցութեան արդիւնքները:

Խորհուրդը ցաւ յայտնեց Մաամըլթէյնի մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութեան երկու անդամներուն նահատակութեան համար եւ վերահաստատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն իր կատարեալ զօրակցութիւնը` դատապարտելով թմրեցուցիչի մաքսանենգներուն բոլոր արարքները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժացնելու` լուծել կարենալու համար երկրին դիմագրաւած հարցերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.