2015-11-05 10:04:00

''Հեթանոսներու գաւիթը'' Ուրուկուէյի Մոնթեվիտէօ մայրաքաղաքին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կազմակերպութեամբ Մոնթեվիտէօ առաջնորդարանին եւ հովանաւորութեամբ երկրի արտգործ նախարարութեան ու մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին,  6-7 Նոյեմբեր տեղի կ՛ունենայ Հեթանոսներու գաւիթը` ''երկխօսութիւնը ազատութենէն անդին եւ ընկերութեան կերտումը'' նիւթին մասին։

Հեթանոսներու գաւիթ ծրագիրը նախաձեռնութիւն է Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին։

Կլոր սեղանին կը նախատեսուին շարք մը բանավէճեր որուն կը մասնակցին ակադեմիական, քաղաքական, մշակութային ու գեղարուեստական անձնաւորութիւններ։  Կլոր սեղանին գլխաւոր նիւթերն են ''դաստիարակութեան ազատութիւնը'', ''արտայայտութեան ազատութիւնը'' և ''աշխարհականութիւնը որպէս ինքնութեան տարր Ուրուկուայական մշակոյթի''։
Կլոր սեղանին կը նախատեսուի ինչպէս միշտ  ներկայութիւնը կարդինալ Ռավազիի՝ նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.