2015-11-05 12:36:00

Հայր Լոմպարտի.''Վատիկանը առանց վարանումի կ՛ընթանայ ուղիղ մատակարարութեան ճանապարհով''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես իտալացի երկու լրագրողներու` Վատիկանէն գողցուած սեփական փաստաթուղթերու հիման վրայ հրատարակած երկու գիրքերուն, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին հաստատեց թէ ''Վատիկանը առանց վարանումի կ՛ընթանայ  ուղիղ մատակարարութեան ճանապարհով'' հակառակ որ այդ երկու գիրքերը կ՛ուզեն հակառակը ապացուցել։

Երկարաշունչ յայտարարութեան մը ընդմէջէն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը կը հաստատէ թէ այդ երկու գիրքերը պտուղն են ''անօրինական գործունէութեան'' տրուած ըլլալով որ Վատիկանի սեփական փաստաթուղթեր կողոպտուեցան ու անոնց պարունակութիւնը հրատարակուեցաւ առանց վատիկանեան իշխանութեան հաւանութեան։

Հայր Լոմպարտի ապա հաստատեց թէ այդ փաստաթուղթերու տուեալներուն մեծ մասը արդեն յայտնի էին, որովհետեւ պտուղն են Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ձեռք բերած ներդրումներուն Վատիկանեան տնտեսական գործունէութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութեան ''Վատիկանի տնտեսա-մատակարարական հարցերու շուրջ քննարկումի խորհուրդի'' ստեղծումով`  18 յուլիս 2013-ին։

Հայր Լոմպարտի ապա ընդգծեց թէ հրատարակուած տուեալները կրնան յաճախ առիթ տալ սխալ ըմբռնումներու եւ մեկնաբանութեան որովհետեւ չեն առնուած իրենց իսկական իրողութեան քննարկումի ծիրին մէջ ու թէ հարկաւոր է միշտ խորացնել հարցերը ու չի բաւարարուիլ միայն մակերեսային բանավէճերու դիմելով։

Հայր Լոմպարտի հաստատեց ապա թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքով սկիզբ առած վատիկանի տնտեսութեան ու մատակարարական մարմնին վերատեսութեան  հայող դժուար ու խրթին աշխատանքը կը շարունակուի առանց վարանումի, յստակութեան թափանցկութեան եւ ճշգրիտ մատակարարումի ճանապարհով։








All the contents on this site are copyrighted ©.