2015-11-05 12:00:00

Գերապայծառ Աուզա''Պայքարիլ խտրականութեան դէմ աւելի արդար աշխարհի մը համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ցեղապաշտութիւնը, խտրականութիւնը, օտարատեացութիւնը ծանր նախատինք մըն են մարդկային արժանաւորութեան ու աններելի արգելք են միջազգային հասարակութեան կերտումին, որ յանձնառումով կ՛աշխատի մարդկային իրաւունքին ի խնդիր'' ըսաւ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը` գերապայծառ Աուզա ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նիստին առթիւ ունեցած ելոյթի ընթացքին։  Մարդկային արժանաւորութիւնը, բացայայտեց ան, կը պատկանի ամէն մարդ էակին առանց ցեղի, սեռի ու կրօնի խտրականութեան։

Ներկայիս աշխարհին մէջ կան աւելի քան 60 միլիոն գաղթական-փախստականներ, որոնք անմիջական հետեւանքն են պատերազմի ու հալածանքի։ Վերջին 5 տարիներուն 15 զինեալ մարտահրաւէրներ տեղի ունեցան։ Հարկաւոր է  որ մարդկային ակնարկով դիտենք գաղթականութեան հարցը, ու ճանչնանք գաղթականը որպէս մեր եղբայրը, միեւնոյն արժանաւորութեամբ ու միեւնոյն իրաւունքներով, շեշտեց Վատիկանի դիւանագէտը ապա հրաւիրեց միջազգային հասարակութիւնը ամէն ջանք թափելու դադրեցնել տալու համար զինեալ ընդհարումները։

Իսկ միշտ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նիստին ընթացքին հողամշակներու պաշտպանութեան եւ սնունդի երաշխաւորումին նիւթին մասին արտայայտուելով, գերապայծառ Աուզա ընդգծեց թէ հակառակ վերջին 25 տարիներուն արձանագրուած յառաջդիմութեան, ներկայիս աւելի քան 800 միլիոն հոգիներ կը շարունակեն անօթութենէն տառապիլ, մասնաւորապէս Ափրիկէի ու Ասիայի հարաւ-արեւելքի մէջ։ Ան ապա մատնանշեց ''ընտանիքի հաստատութեան'' կարեւորութիւնը ուր անհատները կը սորվին իրարու հոգալ ու զիրար խնամել ինչպէս նաեւ սիրել արարչագործութեան ներդաշնակութիւնը ու պաշտպանել բոլորիս տունը` երկիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.