2015-11-04 08:32:00

Քենիա. Խաղաղութեան Կարաւան մը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ընդունելութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Քենիայի Մոմբազա թեմին առաջնորդը հրաւիրեց կաթողիկէ երիտասարդներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը մաս կազմելու դէպի Նայրոպի ուղղուող խաղաղութեան կարաւանին հանդիպում ունենալու ֆրանչիսկոս Պապին հետ, անոր 25 Նոյեմբերին Նայրոպի կատարելիք հովուական ճամբորդութեան ընթացքին որ պիտի ընդգրկէ Արեւելեան Ափրիկէի երեք երկիրներ։

Գերապայծառ Քիվուվա իր պատգամին մէջ յայտնած է '' Նայրոպի կ`երթանք Պապին ըսելու որ Քենիան կը ձգտի խաղաղութեան եւ ներդաշնակ կեանքի''։

Նախքան Նայրոպի մայրաքաղաք հասնիլը  խաղաղութեան կարաւանը կանգ պիտի առնէ ''Machakos'' հանդիպում ունենալու տեղացի քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.