2015-11-04 08:40:00

''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերականը տպագրուած է 60 լեզուներով։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչսիկոս Պապին հրատարակած  ''Laudato si’- գովեալ ըլլաս'' շրջաբերական թուղթը` հայող բնապահպանութեան, հրատարակուած է 60 լեզուներով։ 

''Շրջաբերական թուղթը արդարեւ կը խօսի ամէն մարդու սրտին դիմագրաւելով կենսական նիւթեր'' յայտնած է այս առընչութեամբ հայր Ճուզեփփէ Քոսթա` տնօրէնը Վատիկանի տպագրատան, մատնանշելով որ կրօնական բնոյթ ունեցող հրատարակութիւնները յաճախ լաւ ընդունելութիւն կը գտնեն հանրութեան մօտ։ Բաւ է նշմարել որ, կրօնական գիրքը 15 տոկոսով յաւելում արձանագրած է ֆրանքֆուրթի գիրքի տօնավաճառի ընթացքին – դիտել տուած է Հայր Քոսթա եւ ընդգծած թէ ''մեծ յաջողութիւն գտած են նաեւ ԱՄՆի ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին առթիւ Վատիկանի հրապարակած հատորները'' ։

Իսկ չորեքշաբթի 4 նոյեմբեր 2015-ին Մեքսիքոյի ծերակոյտին մէջ նախատեսուած է ''Աղքատութիւն եւ կլիմայական փոփոխութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականի ներկայացում'' բնաբանով խորհրդաժողով։ Այս առաջին անգամն է որ Մեքսիքացի եպիսկոպոսները խօսք կ՛առնեն Մեքսիքոյի ծերակոյտին մէջ, տրուած ըլլալով որ Մեքսիքոյի խորհրդարանն ու ծերակոյտը պատմականօրէն յատկանշուած են որպէս հակաեկեղեցական։

Յայտնենք որ յառաջիկայ 2016-ի Փետրուարին Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն պիտի կատարէ Մեքսիքօ ու այս առթիւ Մեքսիքացի ծերակուտականները  յատուկ հրաւէր ուղղած են Նորին Սրբութեան այցելելու համար Մեքսիքոի ծերակոյտը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.