2015-11-02 09:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը ամենայն սրբոց տօնին առթիւ։


''Երանի Հոգիով աղքատներուն որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը։ Երանի հեզերուն որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։ Երանի սգաւորներուն որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին։ Երանի անոնց որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան` որովհետեւ անոնք պիտի յագենան. Երանի ողորմածներուն որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն Երանի անոնց որ սրտով սուրբ են որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն։ Երանի խաղաղարարներուն որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։ Երանի անոնց որ արդարութեան համար կը հալածուին որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը։ Երանի ձեզի երբ ձեզ նախատեն երբ ձեզ հալածեն կամ զրպարտեն ամէն տեսակ չարախօսութիւններով իմ պատճառովս, ցնծացէք եւ ուրախացէք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ երկնքի մէջ։ Այսպէս հալածուեցան ձեր նախորդները մարգարէները''։

(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 1 նոյեմբերին Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ` յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Հռոմի պատմական ''Վերանօ'' անուան գերեզմանատան մէջ, գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ խօսքը  կեդրոնացուց երանութիւններու վրայ  եզրակացնելով  թէ սրբութեան ճանապարհը ներփակուած է երանութիւններու մէջ, ու նման է ճանապարհին զոր կատարեց Յիսուս։

''Աւետարանին մէջ լսեցինք Յիսուսի քարոզը ուղղուած աշակերտներուն ու ամբոխին, որոնք համախմբուած էին  Գալիլեայի լճակի մօտ եղած բլուրին վրայ։ Յարուցեալ ու կենդանի Տիրոջ խօսքը` ուղղուած է նաեւ մեզի, այսօր - ըսաւ Քահանայապետը- ան կը մատնանշէ մեզի ճանապարհը հասնելու ճշմարիտ երանութեան, ճանապարհը որ կ՝առաջնորդէ դէպի երկինք''։

Ճանապարհը դժուար է սակայն ստոյգ երջանկութեան կը հասցնէ – յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերումը ըսելով.

Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի Արքայութիւնը։ Հարց կու տանք թէ ի՞նչպէս սրտով աղքատ մը` կարող է երջանիկ ըլլալ։ Պատասխանը պարզ է անիկա աշխարհային բաներէ ձերբազատուած ու ազատ սիրտ մը ունի եւ ասոր համար տեղ ունի երկինքի Արքայութեան մէջ։ Երջանիկ են անոնք որոնք ի վիճակի են յուզուելու, սրտի մէջ զգալու ցաւը իրենց և ուրիշներու կեանքին մէջ։ Այսպիսիներ երջանիկ պիտի ըլլան, որովհետեւ Հօր Աստուծոյ գողտր ձեռքը պիտի մխիթարէ ու շոյէ զանոնք - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց հեզերուն, որոնք պիտի ժառանգեն երկիրը ու դիտել տուաւ թէ մենք, ընդհակառակը` անհամբեր ենք, ջղային, գանգատելու միշտ պատրաստ, մենք մեզ կը համարենք աշխարհի տէրերը։ Մտաբերենք մայրերն ու հայրերը որոնք իրենց զաւակներուն հանդէպ միշտ համբերատար են։ Այս է Տիրոջ ճանապարհը, հեզութեան ու համբերութեան ճամբան։ Յիսուս երկրի վրայ փոքրիկ տարիքին կրեց հալածանքը եւ փորձարկեց գաղթականութիւնը։  Չափահաս տարիքին ապա թիրախ դարձաւ զրպարտութեան ու ամբաստանութեան եւ այս բոլորը տարաւ ամենայն հեզութեամբ։ Մեր սիրոյն համար յանձն առաւ խաչելութիւնը։

Երանի անոնց որ քաղցն  ու ծարաւն ունին արդարութեան , որովհետեւ անոնք պիտի յագենան։ Արդարութիւնը սիրողները պիտի յագենան, որովհետեւ պատրաստ են ընդունելու մեծ արդարութիւնը՝ Աստուծոյ արդարութիւնը։

Երանի ողորմածներուն որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։ Երջանիկ պիտի ըլլան անոնք որոնք գիտեն ներել, չեն գիտեր ուրիշը դատապարտել։ Ամէնքս պէտք ունինք ներումի - ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ` Պատարագին սկիզբը Տիրոջ գթութիւնը կը հայցենք, որովհետեւ կը ճանչնանք մեր մեղաւոր ըլլալը։  Տէրունական աղօթքին մէջ կ՝ըսենք. Թող մեզ զպարտիս մեր որպէս և մեք թողումք մերոց պարտապանաց։

Երանի խաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուին։ Դիտենք խռովարարները։ Մի՞թէ անոնք երջանիկ են։ Խարդախներն ու խաբեբաները` երջանի՞կ են, հարց տուաւ Քահանայապետը ու հաստատեց, ''Անոնք կարող չեն  երջանիկ ըլլալ։ Իսկ անոնք որոնք համբերութեամբ կը սերմանեն խաղաղութիւնը, անոնք խաղարարներ են, հաշտարարներ են։ Այս մարդիկը երանի են, որովհետեւ Աստուծոյ ճշմարիտ որդիներ են, որովհետեւ Տէրը միշտ ու միայն խաղաղութիւն կը սերմանէ։ Ան իր Միածին Որդին աշխարհ առաքեց  որպէսզի մարդկութեան համար ըլլայ խաղաղութեան սերմ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, յարեց Սրբազան Պապը քարոզին աւարտին, այս է սրբութեան ուղին, երջանկութեան ուղին։ Յիսուս այս ուղիով ընթացաւ։ Ինքն է ճշմարիտ ճանապարհը եւ ան որ Անոր ետեւէն կը  քալէ կը մտնէ յաւիտենական կեանքին մէջ։ Տիրոջմէն հայցենք շնորհքը ըլլալու պարզ ու համեստ անհատներ, շնորհքը լալու եւ ըլլալու հեզ, շնորհքը` խաղաղութեան ու արդարութեան համար աշխատելու։ Ներում խնդրենք Տիրոջմէն որպէսզի մեր կարգին սորվինք ներել ուրիշներուն։ Այսպէս ըրին սուրբերը, որ մեզ կանխեցին։ Թող անոնք ճանապարհորդակից ըլլան մեր այս երկրաւոր ուխտագնացութեան ու քաջալերեն մեզ յառաջ ընթանալու։

Անոնց բարեխօսութիւնը օգնէ մեզի ընթանալու Յիսուսի ճանապարհին վրայ եւ յաւիտենական երջանկութիւն պարգեւէ մեր ննջեցեալներուն որոնց համար այս ս. Պատարագը կը մատուցանենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.