2015-11-02 10:22:00

Միջազգային գետնի վրայ կեանքի իրաւունքը ու կրօնական ազատութիւնը միշտ աւելի դրժուած են։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտ՝ գերապայծառ Աուզա-ի գնահատումով  աշխարհի մէջ կեանքի իրաւունքը ու կրօնական ազատութիւնը միշտ աւելի դրժուած են։ Ան ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նիստին խօսք առնելով  ըսաւ ''հարկաւոր է պաշտպանել ոչ միայն մարդու իրաւունքը այլ եւ կեանքի իրաւունքը։ Դժբախտաբար աշխարհի մէջ միշտ աւելի դրժուած է կեանքի իրաւունքը, ուր ամէնքս ականատես ենք թէ ինչպիսի ողորմելի կացութեան մէջ կը գտնուին աղքատները, նորածինները, ծերերը, անկարները, պատերազմի զոհերը, մարդավաճառութեան թիիրախ դարձած անձերը, գաղթականներն ու փախստականները։ 

Ս. Աթոռի  դիւանագէտը իր միջամտութեան ընթացքին ընդգծեց նաեւ  մտածումի, խղճմտանքի, կրօնքի ազատութեան իրաւունքի անհրաժեշտութիւնը։ Մշտատեւ աճումի մէջ է յանուն կրօնքի գործուած ոճիրները,  որուն առաջին զոհերն են փոքրամասնութիւնները դիտել տուաւ ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտ գերապայծառ Աուզա։








All the contents on this site are copyrighted ©.