2015-11-02 09:48:00

Ը. Կիրակի զկնի Խաչի Եփս Ա. 1-14, Ղուկ Ը. 17-21


Այսօրուան Կիրակին՝ Խաչվերացի տօնին յաջորդող ութերորդը, Սուրբ Պատարագի ընթերցուածներուն մէջ մեզի կը բացայայտէ Աստուծոյ առատապարգեւ սէրը մարդ արարածին հանդէպ։ Այդ սիրոյ արտայայտութիւնը, ողորմութիւնը եւ բոլոր շնորհքներու բաշխումը կը կատարուի Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։

Պօղոս Առաքեալ Եփեսացիներու ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ՝ «Աստուած մեզ բոլոր հոգեւոր օրհնութիւններով լեցուց՝ շնորհելով երկնաւոր հաղորդութիւն Յիսուսի հետ։ Աշխարհի սկիզբէն ընտրեց մեզ՝ Քրիստոսի միջոցաւ, որպէսզի ըլլանք սուրբ եւ անարատ Աստուծոյ առաջ։ Սկիզբէն՝ Իր սիրով սահմանեց մեզ Իր որդեգրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով՝ հասնելու Անոր ըստ Ի´ր կամքին։

Փրկութիւնը ստացանք Քրիստոսի արեամբ,

Մեղքերու թողութիւն՝ անոր շնորհքի ճոխութեամբ։

Շնորհքի միջոցաւ պարգեւեց մեզի իմաստութիւն եւ գիտութիւն,

Մեզի յայտնեց իր կամքի խորհուրդը։

Ան որոշեց ամէն ինչ Քրիստոսի մէջ միացնել՝ այն ինչ որ երկինքի մէջ է եւ երկրի վրայ»։ (Եփես Ա.)

Այս տողերուն մէջ նախ կը նկատենք առաքեալի հաստատումը՝ «Աստուած մեզ լեցուց բոլոր հոգեւոր օրհնութիւններով»։ Մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներով  մենք արժանացած ենք Աստուծոյ բոլոր շնորհքներուն։ Շնորհքը՝ գերբնական պարգեւ մըն է, տրուած իմացական արարածներուն՝ հրեշտակներու եւ մարդոց, անոնց յաւիտենական փրկութեան համար։ Վիճակի, պաշտօնի շնորհքը՝ Աստուած կը պարգեւէ անձի մը, որպէսզի անոր արարքները ըլլան ուղիղ։ Իսկ սրբարար շնորհքը մեզի կʼընկերանայ մեր կեանքի ընթացքին՝ սրբանալու ճանապարհին վրայ։

Աստուած մեզի առատօրէն շնորհքներ տուաւ եւ մեզ ընտրեց, որպէսզի ըլլանք սուրբ եւ անարատ։ Աստուած իր սիրով մեզ ընդունեցաւ իր որդեգրութեան։ Աստուծոյ շնորհած որդեգրութեան վիճակը անշահախնդիր կերպով կը կատարուի, բխած Աստուծոյ անսահման սէրէն։ Մարդիկ կʼորդեգեն անձ մը որ կը սիրեն, կամ օգնելու համար անձի մը, սակայն նաեւ ապահովելու իրենց սերունդի գոյատեւումը, կամ չմնալու առանձին։ Սակայն Աստուած մեզմէ չունի այդ ակնկալութիւնները։

Պօղոս Առաքեալ կը շեշտէ նաեւ, թէ մենք շնորհքն ու բարիքները ընդունած ենք Քրիստոսի միջոցաւ։

Եթէ հարց տանք քրիստոնեայ հաւատացեալի մը, թէ ով է Յիսուս Քրիստոս, երբեմն կը լսենք նաեւ այսպիսի պատասխաններ՝ թէ Յիսուս «բացառիկ մարդ մըն էր, բացառիկ՝ թերեւս գերբնական կարողութիւններով օժտուած, փիլիսոփայ, հմուտ բժիշկ, մարգարէ եւն»։ Ասոնք չեն համապատասխաներ ճշմարտութեան։ Յիսուս մեզի համար «Աստուծոյ մարդացեալ Որդին է։ Աստուած է։ Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերէն մին»։

Մարդ արարածը հեռացած էր Աստուծմէ, կորսնցուցած շնորհքը։ Քրիստոս իր արեամբ կը քաւէ մեղքերը, եւ կը փրկէ մեզ։

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը այսօր մեզի կը փոխանցէ Յիսուսի խօսքերը՝ «Այսուհետեւ ուշադիր եղէք, որ ճիշտ լսէք։ Ով որ ունի, անոր պիտի տրուի. իսկ այն որ չունի՝ անկէ պիտի առնուի նաեւ այն, ինչ կը կարծէ ունենալ»։ (Ղուկ Ը. 18) Յիսուս կը շեշտէ՝ «Ինչ որ կը կարծէք ունենալ»։ Մարդ արարածը դիւրաւ կրնայ կառչիլ որեւէ բանի, նաեւ գաղափարներու, կարծիքներու եւ կարծեցեալ ճշմարտութիւններու։ Յիսուս այստեղ կը խօսի «ճիշտ լսլելու» մասին, ճշմարտութիւնը լսելու մասին։ Եթէ քրիստոնեան հաւատարմութեամբ կը լսէ, կʼընդունի եւ կը փոխանցէ ճշմարտութիւնը, այն ժամանակ Աստուած զայն պիտի օժտէ միշտ աւելի ճշմարտութիւններ բացայայտելով անոր։ Իսկ եթէ քրիտոնեան չունի աւետարանի եռանդը, կը փակէ իր սիրտն ու հոգին ճշմարտութեան դիմաց, այն ժամանակ Աստուած մեզի պիտի չբացայայտէ ճշմարտութիւններ, “որոնք կը կարծէինք ունենալ”։ Եթէ չենք գործածեր մեզի տրուած շնորհքը՝ կը կորսնցնենք զայն։ Նախապէս Պօղոս Առաքեալի խօսքերուն մէջ լսեցինք Աստուծոյ անշահախնդրօրէն պարգեւած շնորհքներու մասին։ Մեր կողմէ կը պահանջուի համապատասխանել շնորհքին։

Յիսուսի աշակերտները միտ կը դնէին Յիսուսի խօսքերուն, զանոնք սիրով ընկալելու համար, հաւատալու եւ հնազանդելու պատրաստակամութեամբ։ Իսկ ուրիշներ մտիկ կʼընէին առանց ազդուելու, կամ պարզապէս հետաքրքրութեամբ կամ նաեւ թշնամութեամբ՝ որպէսզի հակաճառեն։ Ասոր համար աշակերտներուն միշտ աւելի հասկնալու շնորհքը կը բաշխուէր իսկ ուրիշներ իրենց կարծեցեալ գիտութիւնն ալ կը կորսնցնէին։

Չի բաւեր սակայն միայն լսել, մտիկ ընել։ Այլ պէտք է Աստուծոյ խօսքին համապատասխանել, Աստուծոյ կամքը կատարել։ Ղուկասի Աւետարանի դրուագը կը պատմէ, թէ ինչպէս Յիսուսի Մայրը զինք տեսնելու եկած էր։ Յիսուսէ պիտի սպասէինք, որ ան անմիջապէս իր մայրը ընդունէր, անոր ընդառաջ երթար։ Մինչ Յիսուս կը պատասխանէ՝ «Մայր իմ եւ եղբարք իմ սոքա են, որ զբանն Աստուծոյ լսեն՝ եւ առնեն». (Ղուկ Ը. 21) անոնք որոնք կը կատարեն Աստուծոյ կամքը։ Այստեղ Յիսուսի խօսքը կը հայի նաեւ Իր մօր։ Մարիամ՝ Աստուծոյ շնորհքով ընտրուած էր ըլլալու Իր Որդւոյն մայրը. համապատասխանելով Աստուծոյ այդ շնորհքին, Տիրամայրը իրականացուցած էր Աստուծոյ կամքը։

Աղօթենք մեր երկնային մօր, որ մեզի օգնէ, մեզի համար բարեխօսէ՝ որպէսզի արժանի ըլլանք Աստուծոյ առատ շնորհքներուն եւ համապատասխանենք անոնց։








All the contents on this site are copyrighted ©.