2015-11-01 16:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 1 նոյեմբեր 2015-ին կը նշուի Ամենայն Սրբոց տօնը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

"Ամենայն սրբոց տօնին օրը յատուկ օրէն կը զգանք սուրբերու հաղորդութիւնը ու անոնց ներկայութիւնը մեր մէջ" ըսաւ Սրբազան Հայրը Մարեմեան Աղօթքէն առաջ կատարած խորհրդածութեան ընթացքին, մատնանշելով Սուրբերու էութեան`"անձեր որոնք ամբողջութեամբ կը պատկանին Աստուծոյ"։

Սրբազան Հայրը ապա հրաւէր ուղղեց  օրինակ առնելու սուրբերէն եւ ոչ միայն անոնցմէ որոնք արժանացած են խորաններու պատուոյն­, այլ նաեւ անոնցմէ որոնք  Աստուծոյ շնորհքով կ՛ապրին Աւետարանի պատգամը իրենց առօրեային մէջ։

Այս բոլոր սուրբերուն մենք երախտապարտ ենք ըսաւ Սրբազան Հայրը ու երախտապարտ ենք Աստուծոյ որ զանոնք մեզի պարգեւեց որպէս կենդանի օրինակներ ` ապրելու ու մեռներու Յիսուս Քրիստոսի ու անոր Աւետարանին համար։

Ապրիլ ու ընդօրինակել անոնց սիրոյ ու ողորմածութեան գործը կը նշանակէ շարունակել ապրիլ անոնց ներկայութիւնը այս աշխարհին մէջ։ Եւ այդ աւետարանական ներգործութիւնները թէեւ շատ անգամ մեզի անիմաստ կը թուին Աստուծոյ աչքերուն առջեւ սակայն յաւիտենական են։ Որովհետեւ սէրն ու գթութիւնը աւելի զօրաւոր են մահուընէ։

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը. Համայն սուրբերու Թագուհին մեզ օգնէ որպէսզի աւելիով վստահին Աստուծոյ շնորհքին ու յանձնառումով քալենք սրբութեան ճամբուն վրայ։

"Մեր Երկնաւոր Մօր յանձնենք մեր առօրեայ յանձնառումը ու անոր աղօթենք մեր ննջեցեալներուն  համար այն յոյսով որ օր մը դարձեալ իրարու կը հանդիպինք Երկնքի փառաւոր հաղորդութեան մէջ" ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հասարակութիւններուն ապա զանոնք հրաւիրեց իր հետ միասին մասնակցելու Հռոմի Վերանօ պատմական գերեզմանատան մէջ յետմիջօրէին մատուցելիք Սուրբ Պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.