2015-11-01 16:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչն ու մտահոգութիւնը Կեդրոնական Ափրիկէի կացութեան բերումով։


(Ռատիօ Վատիկան) “Կոչ կ՛ուղղեմ հակամարտող կողմերուն որ վերջ դնեն բռնութիւններուն” այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ուղղուած Կեդրոնական Ափրիկէի բնակչութեան, Կիրակի 1 նոյեմբեր 2015-ի Մարեմեան Աղօթքի աւարտին­, ի տես Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող ծանր բախումներուն որոնք մեծապէս կը մտահոգեն Սրբազան Քահանայապետը։

Նորին Սրբութիւնը ապա Հոգեւոր մօտիկութիւն յայտնեց Քոմպոնեան Միաբանութեան Հայրերուն որոնք Պանկիի Ֆաթիմայի Տիրամօր ժողովրդապետութեան մէջ կը հիւրընկալեն բազմաթիւ տեղահան ընտանիքներ ու անոնց միջոցաւ խօսքը ուղղեց Կեդրոնական Ափրիկէի համայն բնակչութեան­, զօրակցութիւն յայտնելով  Եկեղեցւոյ ու միւս կրօնական դաւանանքներուն ու համայն Կեդրոնական Ափրիկէին յորդորելով միշտ աւելիով դառնալ վկայ ողորմութեան եւ հաշտութեան, ապա յայտնեց թէ Կիրակի` 29 նոյեմբերին, կեդրոնական Ափրիկէ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Պանկիի աթոռանիս եկեղեցւոյ Սուրբ Դուռը պիտի բանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.