2015-11-01 10:57:00

Եգիպտոսի մէջ Ռուսական օդանաւ մը կործանած է


Շաբաթ 31 հոկտեմբերին Եգիպտոսէն Ռուսիա ուղեւորուող «Կոգալիմաւիա»  ռուսական ընկերութեան քաղաքացիական օդանաւ մը կործանած է: Զոհուած են բոլոր ուղեւորները` 217 մարդ, որոնց շարքին եղած է 17 երեխայ ինչպէս նաեւ անձնակազմի բոլոր 7 անդամները:

Շարմ էլ-շէյխ – Ս. Փեթերզպուրկ չուերթը կատարող Airbus A320 տեսակի օդանաւը ռատարներէն անհետացած է թռիչքի 23-րդ վայրկեանին: Նախնական վարկածին համաձայն, օդանաւը վթարուած է տեխնիկական անսարքութեան հետեւանքով եւ վայր ինկած է Արիշ եւ Հասնա եգիպտական աւաններուն մօտ: Աղէտէն վայրկեաններ առաջ անձնակազմի հրամանատարը հաղորդած է, որ անհրաժեշտ է վթարային վայրէջք կատարել:

Ուղեւորներուն մեծ մասը արձակուրդէն վերադարձող ռուս քաղաքացիներ էին: Պաշտօնական Քրեմլը կը փոխանցէ, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու հարազատներուն եւ վարչապետ Տմիթրի Մեդուետեւին յանձնարարած է կազմել պետական յանձնաժողով՝ հետաքննելու վթարի հանգամանքները:

Ռուսաստանի քննչական կոմիտէն օդանաւի աղէտի փաստով քրէական գործ յարուցած է: Հետաքննութիւնը պիտի կատարեն Եգիպտոսի եւ Ռուսաստանի դատախազութիւնները:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փորձէ պարզել, թէ արդեօք օդանաւին մէջ հայեր կայի՞ն: Ըստ Lifenews ռուսական կայքին, ուղեւորներու ցուցակին մէջ եղած է Մնացականով ազգանունով մարդ, սակայն անոր քաղաքացիութեան կամ ազգային պատկանելութեան մասին պաշտօնական տեղեկութիւն այս պահուն չկայ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի` ռուսական օդանաւի վթարի առիթով:

«Ռուսաստանի համար այս ծանր պահին հայ ժողովրդի եւ անձամբ իմ անունից անկեղծ ցաւակցութիւն եմ յայտնում Ձեզ, զոհուածների հարազատներին եւ Ռուսաստանի եղբայրական ժողովրդին»,- Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջի փոխանցմամբ, նշուած է ցաւակցական հեռագրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.