2015-10-31 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Իտալական ''Քրիստոնեայ Գործարարներու միութեան'' անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 31 հոկտեմբերի կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Իտալական ''Քրիստոնեայ Գործարարներու միութեան'' անդամներուն հետ ու այս  առթիւ անոնց ուղղած  պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  մեկնելով Կաթողիկէ գործառուներու կարեւորագոյն կէտնպատակէն, որ է  ըլլալ ''հասարակաց բարիքի զարգացումի  հեղինակներ,  հաստատեց թէ այս մէկը իրականացնելու  համար հրամայական է Քրիստոնէական կազմաւորումը, հիմնուելով եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան վրայ ու խրախուսեց  ներկաները  խանդաղատանքով յարատեւելու կազմաւորման  աշխատանքին մէջ,  ձեռնարկութեան աշխարհէն ներս  խթան հանդիսանալու  գործով եւ խօսքով ։

՝՝Ձեռնարկութիւնը եւ ընկերութիւններու ղեկավարութիւնը  կարող են դառնալ սրբութեան վայր, իւրաքանչիւրի յանձնառումի միջոցաւ կերտելով եղբայրական կապեր ընդմէջ  գործատէրերու , ղեկավարներու  եւ պաշտօնեաներու, յառաջացնելով միասնական  համագործակցութեան եւ պատասխանատուութեան հոգին՝ հասարակաց բարիքին ի շահ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, աշխատանքային կեանքի ծիրէն ներս,  անհրաժեշտ  նկատեց պաշտօնեաներու որակաւոր կեանքի հոլովոյթը՝ որոնք նկատուած են ձեռնարկութեան  թանկագին աղբիւրները այս առընչութեամբ հրաւէր ուղղելով  նպաստելու  ''աշխատանք -  ընտանիք'' կապերու  ներդաշնակութեան։  Ան ապա  շեշտեց  ձեռնարկութիւններու   արարչագործութեան պահպանման ի  խնդիր պատասխանատուութեան հոգի ունենալու կարեւորութիւնը իրականացնելու համար ''առողջ, աւելի մարդկային, աւելի ընկերային եւ ամբողջական  զարգացում''։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Աւետարանի ընկերային եւ միսիոնարական ծաւալին, մատնանշելով Ողորմութեան Յոբելինական տարւոյն ու դիտել տալով թէ ''Բաւարար չէ նուիրատուութիւն կատարել  եւ կամ  աջակցութիւն ցուցաբերել, այլ անհրաժեշտ է տնտեսական  գործունէութիւնը իրականացնել Աւետարանական իմաստով  այսինքն՝ անձին եւ հասարակաց բարիքին ծառայութեան ի սպաս։Ասոր համար դուք կոչուած էք զարգացնելու կարեկից գործարարական հոգի դիմագրաւելու համար շուկայի բարոյական մարտահրաւէրները որուն առաջնահերթութիւնը կը մնայ աշխատանքի կարելիութիւններու ստեղծումը։

Տնտեսականութիւնն ու գործարարութիւնը`  իրենց ճշգրիտ գործելակերպին համար կարիքը  ունին բարոյականութեան եւ ոչ թէ որեւէ բարոյականութիւն այլ բարոյականութիւն մը որ որպէս իր կեդրոնը ընտրէ անհատը ու  հասարակութիւնը – ըսաւ ապա  Ֆրանչիսկոս Պապ  պատգամը աւարտեց  ներկաներուն նորոգելով հրաւէրը յանձնառութեամբ գործելու ի սպաս հասարակաց բարիքին ու անհատին, ապա զանոնք, անոնց աշխատանքը եւ ընտանեկան պարագաներն ու աշխատակիցները յանձնեց  բանուոր Սուրբ Յովսէփի հովանիին ապա անոնց վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները անոնցմէ խնդրելով որ իրեն համար աղօթեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.