2015-10-31 09:04:00

Վիեննայի մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է


Ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած ժողովին մասնակից երկիրները ՄԱԿ-էն խնդրեցին սուրիական ղեկավարութեամբ քաղաքական հոլովոյթ մը կազմակերպել: Անոնք նաեւ որոշեցին 3 եւ 4 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ դարձեալ բանակցութիւններ վարել, սակայն այս անգամ` Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ժողովի աւարտին որդեգրուած հաղորդագրութիւնը կոչ կ’ուղղէ Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններէն առաջ կազմելու հաւաստի, ոչ յարանուանական եւ ոչ ոք մեկուսացնող կառավարութիւն մը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ժողովի աւարտին յայտնեց. «Ասիկա նոր հանգրուան մըն է, եւ մենք բոլորս համոզուած ենք, որ պէտք է իսկական բանակցութեանց վերադառնալ»: Ան նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ համաձայնած են Ասատի ճակատագիրին շուրջ տարակարծիք մնալ, եւ աւելցուց. «Ասատ չի կրնար իշխանութեան վրայ մնալ, սակայն լուծումի հասնելու համար կարիքը ունինք երկխօսութեան»:

«Համաձայնեցանք, որ քաղաքական հոլովոյթը սուրիական հոլովոյթ մըն է եւ սուրիացի ժողովուրդն է, որ իր երկրին ապագան պիտի ճշդէ», ըսաւ Քերրի` նշելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու:

Անոր ռուս պաշտօնակիցը` Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշեց, որ «Կ’ուզենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակել եւ այլ խմբաւորումներ ալ ներառել ահաբեկչութեան ցանկին վրայ»` աւելցնելով. «Կ’ուզենք սուրիացիներու տառապանքին վերջ տալ եւ ահաբեկիչներուն այդ երկրին մէջ իշխանութեան հասնելուն արգելք հանդիսանալ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Համաձայնեցանք պահպանելու Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, իսկ ամէնէն կարեւոր համաձայնութիւնը այն էր, որ այս խմբակը Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` քաղաքական հոլովոյթին սկսելու»: Ան յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է քաղաքական հոլովոյթին զուգահեռ զինադադար հաստատելու, սակայն ատիկա ահաբեկիչները չի ներառեր:

Խօսելով Ասատի ճակատագիրին մասին` Լաւրով ընդգծեց. «Ես չըսի, որ Ասատը պէտք է հեռանայ կամ Ասատը պէտք է մնայ, այլ ըսի, թէ Ասատի ճակատագիրը սուրիացի ժողովուրդն է, որ կը ճշդէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.