2015-10-31 09:02:00

Սուրիոյ մէջ 13.5 միլիոն մարդ մարդասիրական օգնութեան կը կարօտին. ՄԱԿ


Սուրիոյ մէջ շուրջ 13.5 միլիոն մարդ մարդասիրական օգնութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունի: Այս մասին Հոկտեմբեր 30-­ին նշած է ՄԱԿ-­ի մարդասիրական հարցերով գրասենեակի պաշտօնական ներկայացուցիչ Հենս Լարքէն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Օգնութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունեցողներէն աւելի քան 6 միլիոնը երեխաներ են»,-­ նշած է ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը` ընդգծելով, որ տասը ամիս առաջ այդ թիւը կը կազմէր 1.2 միլիոն, եւ ատկէ ետք կարիքաւորներուն թիւը կտրուկ բարձրացած է:

Անոր խօսքով` Սուրիոյ մէջ մօտ 6.5 միլիոն մարդ գաղթականներ են երկրին մէջ: Աւելի քան 4.2 միլիոն սուրիացիներ լքած են իրենց երկիրը` դառնալով փախստականներ:

«Աւելի քան 11 միլիոն մարդ Սուրիոյ մէջ առողջապահական օգնութեան կարիք ունի, իսկ շուրջ ինը միլիոնը հնարաւորութիւն չունին սնունդի հիմնական կարիքները հոգալու համար»,-­ նշած է Լարքէն` աւելցնելով, որ կարիքաւորներուն օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնը չափազանց սահմանափակ է, քանի որ 4.5 միլիոն մարդ կը գտնուի այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր դժուար է մուտք գործել:

Գրասենեակին տեղեկացմամբ, 393 հազար 700 սուրիացիներ կը բնակին շրջափակուած տարածքներու մէջ: Այս տարի անոնցմէ օգնութիւն ստացած է միայն 0.5 տոկոսը, եւս 3.6 տոկոսը առողջապահական օգնութիւն ստացած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.