2015-10-31 10:55:00

Կիրակի 1 նոյեմբերին կը նշուի ''տիեզերական սրբութեան օրը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 1 նոյեմբերին կը նշուի ''տիեզերական սրբութեան օրը։ Այս օրը ծնունդ առած է Աստուծոյ ծառայ երիտասարդ Քահանայ Կուլիելմօ Ճիաքինդայի նախաձեռնութեամբ Հռոմի մէջ, ապա տարածուած է համայն իտալիոյ մէջ որուն շնորհիւ ծնունդ առաւ նաեւ ''Սրբութեան ի սպաս շարժումը'' հուսկ դարձաւ տիեզերական մէկ ձեռնարկ։

''Ամենայն սրբոց Տօնը''

 Իններորդ դարուն, Արեւմտեան Եկեղեցիի տօնացոյցին մէջ Նոյեմբեր մէկը ճշդուեցաւ որպէս «Ամենայն Սրբոց» Տօն, յիշելու բոլոր սուրբերը, անխտիր եւ յատկապէս անոնք որոնք զոհուեցան Քրիստոնէական հաւատքին համար եւ անյայտ է անոնց անունները:

Ո՞վ է «Սուրբ»ը:

Եթէ բառարաններու բացատրութիւններուն նայինք, պիտի տեսնենք թէ՝ «Սուրբ» կը նշանակէ՝ մաքուր, անարատ, անմեղ, յստակ, պարկեշտ եւ արդար:

Իսկ Աստուածաշունչի բացատրութիւնը «Սուրբ» բառին կը տարբերի:

Ա.- Հին Կտակարանի բացատրութեամբ, «Սուրբ» կը նկատուէր այն ինչ որ ընտրուած էր Աստուծոյ գործին համար:

Օրինակ.- Տաճարին առարկաները եւ ամանները «Սուրբ» կը նկատուէին, որովհետեւ ընտրուած էին Աստուծոյ գործին համար:

Բ.- Նոր Կտակարանի բացատրութեամբ, բոլոր անոնք որոնք կը հաւատան Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը կոչուին «Սուրբ», որովհետեւ շնորհքով փրկուած են ու զատուած՝ այս աշխարհէն, ըլլալու՝ նոյն աշխարհին մէջ, որպէսզի տարածեն եւ վկայեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի լուրը բոլոր մարդկանց, սկսեալ անմիջական շրջանակէն:

Եթէ Յունարէն եւ Եբրայերէն բնագիրներուն նայինք, պիտի տեսնենք թէ՝ «Սուրբ» կը նշանակէ՝ «Զատուած» կամ «Ընտրուած», Աստուծոյ գործին համար:

Նկատելով որ բոլոր հաւատացեալները ընտրուած են, հետեւաբար՝ «Սուրբ» են: Նաեւ գիտնալով որ Եկեղեցին ալ հաւատացեալներու խումբն է, ուրեմն՝ Եկեղեցին Սուրբերու հաւաքականութիւնն է: Այսինքն, մէկ խօսքով, հաւատացեալը կը նկատուի «Սուրբ»:

Ուրեմն, «Ամենայն Սրբոց» Տօնը կը նկատուի հաւատացեալներուն տօնը, որոնք կանչուած եւ զատուած են աշխարհէն, ըլլալու եւ ապրելու աշխարհին մէջ, շրջանակին մէջ եւ ոչ թէ մարդոցմէ հեռու:

«Ամենայն Սրբոց» Տօնի առթիւ, ինչպէս նաեւ ամէն օր, հաւատացեալը կանչուած է նորոգելու իր ուխտը, հաւատարիմ մնալու իր անձը սրբացնող՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ ապրելու Իր կամքին համաձայն վկայութեան եւ լուսաւոր կեանք:








All the contents on this site are copyrighted ©.