2015-10-31 09:17:00

Թուրքիոյ մէջ համացանցի սահմանափակումները կը քննադատուին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած «Աշխարհի մէջ համացանցի ազատութիւնը» տեղեկագիրով, Թուրքիա կը բնորոշուի որպէս «մասնակիօրէն ազատ» երկիր։
Տեղեկագիրին մէջ համացանցի ազատութեամբ Թուրքիա ետ կը մնայ Մարոքէն, Ինտոնեզիայէն ու Քենիայէն։
Հոն կը շեշտուի, թէ 2014ին Թուրքիոյ մէջ գործադրութեան դրուած թիւ 5651 օրէնքին պատճառով համացանցի խոչընդոտումը աւելիով ընդարձակուած է, եւ կը նշուի, որ 2015ին Թուրքիոյ մէջ պարբերաբար արգելքներ դրուած են «Եութուպ», «Թուիթըր», «Ֆէյսպուք» եւ նման ընկերային ցանցերու դէմ։
«Ընկերային ցանցերու մէջ պաշտօնատարները վիրաւորելու հիմնաւորումով տասնեակ թուրքերու դէմ դատաքննութիւն բացուած է։ 2015ին, «Թուիթըր»էն տեղեկութիւն ջնջելու համար կայացած դատական որոշումներուն 92 տոկոսը արձակուած է Թուրքիոյ մէջ։ Միայն նախագահ Էրտողան 67 հոգիի դէմ դատ բացած է՝ զինք վիրաւորելու պնդումով», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.