2015-10-31 10:05:00

''Աստուծոյ անունը ողորմածութիւն է'' հատորի համաշխարհային ներկայացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Առաջին անգամուան համար ֆրանչիսկոս Պապը երկխօսութիւն հատորի մը միջոցաւ մտերմօրէն իր խօսքը կ՝ուղղէ երկրագունդի ամէն մէկ անհատին՝ այր թէ կին։ Հատորի հեղինակն է իտալացի լրագորղ Անտրէա Թորնիելլի։

Նորին Սրբութիւնը` զեկոյցի միջոցաւ կը դիմագրաւէ ողորմածութեան նիւթը, որ անբաժան է իր ուսուցումին, կեանքի վկայութեան ու ապրումին որպէս քահանայ եւ որպէս առաջնորդ։ 

''Աստուծոյ անունը ողորմածութիւն է''  հատորի մէջ ֆրանչիսկոս Պապը կը բացայայտէ թէ ի՞նչու հռչակեց արտակարգ յոբելենական տարին, ողորմածութեան մասին։

''Ողորմածութեան տարին ուղղուած է բոլոր քրիստոնեաներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց, որոնք իմաստ մը կը փնտռեն իրենց կեանքին համար ու հոգեւոր եւ ֆիզիքական խաղաղութեան ու հաշտութեան ճամբայ մը կ՛ որոնեն։

Իտալացի լրագրող Անտրէա Թորնիելիի ''Աստուծոյ անունը ողորմածութիւն է''  հատորը համառօտութիւնն է Քահանայապետի ուսուցումին ու անոր  քահանայապետութեան։ Գիրքը լոյս պիտի տեսնէ միաժամանակ 15 երկիրներու մէջ` յառաջիկայ 12 յունուար 2016-ին, Յոբելենական տարւոյն առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.