2015-10-31 09:16:00

«Կը ցաւինք, որ Լիբանանի նախագահութիւնը յանձնուած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի»Ռայի Պատրիարք


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու նիստին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները հանրապետութեան նախագահութիւնը յանձնած են Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի:

Ռայի պատրիարքը աւելցուց, որ իրենք ներքին եւ արտաքին առումով կը գործեն` լուծելու համար նախագահական թղթածրարը:

Անդրադառնալով Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութեան եւ զանոնք փոքրամասնութիւններ անուանելու իրականութեան` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այդ անուանումը կտրականապէս մերժելի է, «որովհետեւ մենք փոքրամասնութիւն չենք, այլ` Արեւելքի քրիստոնեաներն ու եկեղեցիներն ենք», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.