2015-10-30 09:21:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի մասնակցի Իտալիոյ եկեղեցական ազգային Ե ժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆրանչիսկոս Պապ յառաջիկայ  10 Նոյեմբերին, Ֆիրենցէի մէջ,  պիտի մասնակցի Իտալիոյ եկեղեցական ազգային Ե ժողովի աշխատանքներուն։ Նախապէս` 9 Նոյեմբերին Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսական օծում պիտի կատարէ Հռոմի ս. Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը 10 նոյեմբերի առաւօտեան 7-ին, Վատիկանէն կը մեկնի Ինքնաթիռով ու Փրաթոյի մարզական դաշտ կը ժամանէ 8-ին ապա անմիջապէս կ՛ուղղուի Փրաթոյի Աթոռանիտս Եկեղեցի ուր հանդիպում կ՛ունենայ գործարարական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց ուղղելով ճառ մը։ Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը, միշտ ինքնաթիռով, կը տեղափոխուի Ֆիրենցէ ուր կը ժամանէ 9,15-ին եւ կ՛ուղղուի Ֆիրենցէի ''Մկրտարան'' ուր կը հանդէպի Իտալիոյ Եկեղեցական ազգային ժողովի  ներկայացուցիչներուն հետ Մկրտարանի կից գտնուող Սանթա Մարիա Տէլ Ֆիորէ – Ծաղիկի Տիրամօր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Հանդիպումին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը հուսկ ''Աւետման'' Պազիլիքային մէջ հանդիպում կ՛ունենայ հիւանդներուն հետ։

12,30-ին Աղքատիկ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի  ճաշատան մէջ աղքատներուն հետ կը բաժնեկցի սիրոյ սեղանը։

Յետմիջօրէի ժամը 15,15-ին Ֆրանչիսկոս Պապ բացօթեայ Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ Ֆիրենցէի ''Արթեմիօ Ֆրանքի'' մարզադաշտին մէջ որուն աւարտին հրաժեշտ կ՛առնէ քաղաքական իշխանութիւններէն ու կ՛եզրափակէ միօրեայ հովուական այցելութիւնը վերադարձ կատարելով Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 6-ին։

Յայտնենք թէ Նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին (25-30) Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Ափրիկեան ցամաքամաս` ուր յաջորդաբար պիտի այցելէ Քենիան, Ուկանտան եւ Կեդրոնական Ափրիկէն, հակառակ Պանկիի զինեալ ընդհարումի վատթարացումին։   








All the contents on this site are copyrighted ©.