2015-10-30 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սալվատորի ուխտաւորներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 30 հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը, ապա ընդունեց Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը` Կարդինալ Ռուպէն Սալազար Կոմէսը ու անոր ընկերացող եպիսկոպոսական պատուիրակութիւնը, հուսկ ժամը 12-ին Առաքելական Պալատի ''Ռեճիա'' դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սալվատորէն ժամանած 500 ուխտաւորներէ կազմուած մէկ պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ Սալվատորի եպիսկոպոս` գերապայծառ Խօսէ Լուիս Էսքոպարի։ Այցելութիւնը կազմակերպուած է առ երախտագիտութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին` գերապայծառ Օսքար Ռոմերոյի երանացումին համար։ 

Ունկնդրութեան ընթացքին  արտասանած ճարին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց այդ հանդիպումին համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառ Խօսէ Լուիս Էսքոպարին` իրեն ուղղած սիրալիր խօսքերուն համար հուսկ ակնարկեց Եանելի Օսքար Ռոմերոյի առաքինի կեանքին ու անոր նահատակութեան որ եղաւ վեհանձն նուիրում Աւետարանի հռչակումին ի սպաս։

Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց աւետարանական խօսքը` ''Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չ՛իյնայ ու չմեռնի ինք միակ կը մնայ իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ'' ու հաստատեց թէ այսօր եւս Քրիստոնեաներու արիւնը ողբերգական կերպով կը հոսի աշխարհի զանազան դաշտերու մէջ, այն վստահ յոյսով որ ան պիտի տայ սրբութեան եւ արդարութեան ինչպէս նաեւ հաշտութեան ու Աստուծոյ սիրոյ իր պտուղները։

Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց Երանելի Ռոմերոյի խօսքերը ''Պէտք ենք միշտ պատրաստ ըլլալ մեռնելու մեր հաւատքին համար....կեանքը տալ չի նշանակեր միայն սպաննուիլ։ Կեանքի պարգեւը կը նշանակէ ունենալ մարտիրոսի հոգի, նուիրուիլ լռութեամբ ու աղօթքով, կատարելով մեր պարտականութիւնը''։

''Մարտիրոսը անցեալի զօդուած մէկ անձնաւորութիւն մը չէ ոչ։ Մարտիրոսը մեր եղբայրն է­, մեր քոյրը` որ այսօր եւս կը շարունակէ մեզի ընկերանալ սուրբերու հաղորդութեան խորհուրդին ընդմէջէն, որ միացած Քրիստոսի, կը մասնակցի մեր երկրային ուխտաւորութեան, մեր տառապանքին ու մեր չարչարանքներուն'' ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով Սալվատորի այլ նահատակներուն ու Քրիստոսի վկաներուն։

''Սիրելի Սալվատորի բարեկամներ, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, մօտ օրէն սկիզբ կ՛առնէ Ողորմութեան Յոբելենական տարին. Գերապայծառ Ռոմերոյի օրինակը թող ըլլայ խթան նորոգելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանի հռչակումը, այնպէս որ Փրկիչ Աստուծոյ ողորմած սէրը լիացնէ բոլոր սրտերը ու բարի կամք ունեցող մարդոց պատմութիւնը։ Սալվատորի մէջ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը իր դիմաց ունի տակաւին դժուար պահեր ու այս ուղղութեամբ աւետարանական վկայութիւնը ըլլայ առիթ զարգացնելու իսկական արդարութիւնը, խաղաղութիւնը եւ սրտերու իսկական հաշտութիւնը։ Յոյսս է որ շուտով վերջ գտնեն ատելութեան բռնութեան ու անարդարութեան հետեւանքով տեղի ունեցող տառապանքները ու Տէրը զեղու ողորմութեան ու բարութեան անձրեւ, դարձի բերելով սրտերը ու այդ երկրի զաւակները դարձնելով եղբայրներ, առանց խտրութիւններու, որովհետեւ ամէնքս մէկ ենք Քրիստոսի` մեր Տիրոջ մէջ''։

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց հայցելով Խաղաղութեան Թագուհի Տիրամօր բարեխօսութիւնը ու բոլորին շնորհելով  իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.