2015-10-30 11:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Լատին Ամերիկիոյ Եպիսկոպոսաց Խորհուրդի 60 ամեակի առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին Ամերիկիոյ Եպիսկոպոսաց խորհուրդի  հիմնադրութեան 60 ամեակի առթիւ. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ  ուրբաթ 30 հոկտեմբերին, պատգամ ուղղեց խորհուրդի անդամներուն։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւն վստահեցուց իր մասնակցութիւնն ու միութիւնը աղօթքին` Տիրոջ գոհութիւն մատուցելու, այն բոլոր բարիքներուն համար զոր շնորհեց Լատին Ամերիկիոյ Եկեղեցւոյ ծառայութեան ընդմէջէն։

 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա՝ յոյս յայտնեց որ Լատին Ամերիկիոյ Եպիսկոպոսաց դասը որուն առաջնահերթութիւնը եղած է՝ ''Առաքելական եւ հովուական ապաշխարութիւնը'' միշտ աւելիով մասնակից ըլլայ եւ զօրավիգ կանգնի աւետարանական շարժումին, անհրաժեշտ նկատելով որ եկեղեցական հասարակութիւնները ըլլան  ''հաղորդութեան բնակարան եւ դպրոցներ'', որոնք հիմնուած են Միակ Հօր զաւակներու եղբայրութեան գիտակցութեան վրայ եւ որոնք կ՛օժանդակեն միշտ կենդանի պահելու՝ Լատին Ամերիկիոյ եկեղեցւոյ մէջ` ժողովուրդներու հանդէպ սէրը ի սպաս հաւասարութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Ողորմութեան Յոբելինական Տարւոյն, որ կը հանդիսանայ շնորհքի տարի, որուն ընթացքին Լատին Ամերիկիոյ Եպիսկոպոսաց  Խորհուրդը հիմնական դեր մը ունի կատարելիք ըսաւ Ան ու ապա եպիսկոպոսաց խորհուրդի բոլոր  անդամներուն եւ անոնց գործակիցներուն  շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը. հայցելով Լատին Ամերիկիոյ Պաշտպան Սրբուհի Կուատալուփէ Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսը,  Լատին Ամերիկիոյ Եկեղեցւոյ պարգեւէ նոր սուրբ առաքեալներ, խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը կերտող արի շինարարներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.