2015-10-30 09:35:00

Կարդ. Փարոլին. Վստահ եմ որ Սրբազան Հայրը կը հրապարակէ ընտանիքի մասին վաւերագիր մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ինչպէս ամէն եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աւարտին, Քահանայապետերը նկատի առնելով սիւնհոդոսական հայրերու թելադրանքները կը հրապարակեն առաքելական յորդորագիր մը։

Ընտանիքի սիւնհոդոսին աւարտին սիւնհոդոսական հայրերը իրենց աշխատանքի արդիւնքը յանձնած են ֆրանչիսկոս Պապին որպէսզի իր կարգին շարադրէ քահանայապետական յորդորագիր մը։

Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ միջ եկեղեցական երկխօսութեան ժողովին աւարտին  արտայայտուելով, վերոնշեալ յորդորագիրի մասին ըսաւ.

''Սիւնհոդոսը Սրբազան Հօր յանձնեց աշխատանքը եւ Սրբազան Հայրը մօտ ապագային վաւերաթուղթի մը միջոցաւ կը յայտնէ իր կամքը։ Սիւնհոդոսին աւարտին Նորին Սրբութիւնը խնդրեց որ հրապարակուի սիւնհոդոսական հայրերու եզրափակիչ տեղեկագիրը։ Վստահ եմ որ Սրբազան Հայրը մօտ ապագային կը  հրապարակէ ընտանիքի մասին վաւերագիր մը։

Անցեալ շաբաթներուն Վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւն մը Չինաստանի մայրաքաղաքը այցելած է։ Ի՞նչ նպատակաւ հարցումին­ Վատիկանի Պետական քարտուղարը պատասխանեց թէ այցելութեան նպատակն է պատրաստել դիւանագիտական կապերը, սակայն այս առաջին անգամը չէ որ Ս. Աթոռի մէկ պատուիրակութիւնը  Փեքինը կ՝այցելէ։ Հետեւաբար այցելութիւնը ինքնին նշանակալից է։ Ս. Աթոռը ինչպէս որ դիւանագիտական կապեր հաստատած է աւելի քան 90 պետութիւններու հետ, կ՝ուզէ Չինաստանի հետ եւս դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել։








All the contents on this site are copyrighted ©.