2015-10-30 12:28:00

''Եկեղեցին պէտք է վերանորոգուի, ըլլայ ամուր եւ կառչած մնայ իր արժէքներուն...''


Հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի 5-րդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր «Աղանդաւորական շարժումները եւ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը»: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ աղանդները ե՛ւ հոգեւոր,  ե՛ւ ազգային վտանգներ են, որոնց հոսանքները միշտ ալ դուրսէն եկած են, մեր ընկերութեան մէջ մուտք գործած են եւ պիտի գործեն, այնքան ատեն որ մեր սիւները ամուր չեն, մենք ամբողջական իմաստով չունինք հաւաքական հասկացողութիւն, չենք համախմբուած հայ եկեղեցւոյ գմբէթին շուրջ եւ եկեղեցին այժմէականացնելու ու դարու պահանջներուն հետ քայլ պահելու խնդիրներ ունինք: Տեմիրճեան ըսաւ. «Աղանդաւորական շարժումները մերը չեն, բայց մերը` հայ եկեղեցին պէտք ունի մնայուն կերպով վերանորոգման եւ երիտասարդացման, որ այսօրուան գլխաւոր հրամայականն է:

«Բաց քննարկում» յայտագիրի հիւրերն էին Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան եւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան:

Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան ըսաւ, որ զգուշ պէտք է ըլլանք աղանդաւորներէն, որոնք անջատուած են աւանդական եկեղեցիէն եւ չընդունելով անոր դաւանանքը կը քարոզեն իրենց առաջնորդին կողմէ դրուած գաղափարները: Ան աւելցուց, որ աղանդներու հետեւորդները կը խուսափին հասարակական, բարոյական պարտաւորութիւններէ եւ ապազգայնացնող դեր կը խաղան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան յայտնեց, որ աղանդաւորը այն անձն է, որ իր ընտանիքէն դուրս ելած է, հեռացած է, իր ուղեցոյցը կորսնցուցած եւ կը փորձէ գտնել իր մէջ եղած պակասը:

Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան հաստատեց, որ ոչ մէկ եկեղեցի, պետութիւն, հասարակական կազմակերպութիւն եւ հաստատութիւն զերծ են թերութիւններէ, միշտ եղած են եւ կան դժուարութիւններ ու հարցեր, որովհետեւ միայն Աստուած է կատարեալը:

Իր կարգին, եկեղեցւոյ դերակատարութեան գծով Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան նշեց, որ մարդ անհատը չի կրնար յաղթահարել եկեղեցին, որովհետեւ եկեղեցին հիմնուած է Քրիստոսի արեան, զոհողութեան եւ սիրոյ խորհուրդին վրայ, եւ որքան որ ալ մարդիկ փորձեն պառակտումներ ու տագնապներ ստեղծել, աւարտին Քրիստոս ինք պիտի ուղղէ եկեղեցւոյ առած քայլերը:

Դաստիարակչական խնդիրներուն անդրադառնալով` տէր Խաչիկ յայտնեց, որ մանուկը կը կերտուի դպրոցին մէջ, եւ դժբախտաբար մեր դպրոցներուն մէջ կը պակսի հոգեւոր դաստիարակութիւնը, իսկ կրօնական գիտելիքները դասուած են երկրորդական եւ երբեմն ալ երրորդական, ինչ որ անընդունելի է:

Աղանդաւորական շարժումներու հետեւողներուն պատկանելիութեան գծով հայր Մաշտոց շեշտեց, որ երբ մարդ անհատ կը մոլորի, անոր  օտարի աչքով պէտք չէ նայինք. որքան որ ալ մոլորի ան,  կը մնայ եկեղեցւոյ զաւակը, որովհետեւ մկրտուած է:

Հոգեւորականի տիպարին վերաբերեալ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան ըսաւ, որ այսօրուան աշխարհը մեզմէ կը պահանջէ առողջ կեանքի վկայութիւն.  երբ քահանային, վարդապետին, կղերականին կեանքի վկայութիւնը առողջ է, օրինակելի է, այն ատեն ան կը սկսի իր շուրջ մարդիկ համախմբել եւ Աստուծոյ խօսքը անոնց սրտերուն մէջ դրոշմել:

Յայտագիրի ընթացքին ներկայացուեցան հարցախոյզի արդիւնքներ: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 25.2 առ հարիւրը կը հաստատէ, որ իր անմիջական շրջապատին մէջ գոյութիւն ունին աղանդաւորական շարժումներու հետեւողներ, ինչ որ մտահոգիչ պատկեր է: Իսկ աղանդներու ստեղծման եւ տարածման պատճառներուն վերաբերեալ հարցախոյզին մասնակիցներուն 42.8 առ հարիւրը կը նկատէ, որ պատճառը հոգեւոր կառոյցներու թերութիւններն են, 28 առ հարիւրը` համաշխարհային մթնոլորտը, իսկ  29.2 առ հարիւրը` լիբանանահայութեան ցիրուցան վիճակը: Այստեղ այլ պատճառներու շարքին կը դասուին նաեւ հոգեւոր դաստիարակութեան բացակայութիւնը, նիւթականով սիրաշահելու երեւոյթը, խառն ամուսնութիւնները, եկեղեցւոյ ոչ հրապուրիչ վիճակը, գրաբարի գործածութիւնը…

Հայորդիներ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ յայտագիրին  բերին իրենց մասնակցութիւնը եւ սրտբացօրէն արտայայտեցին իրենց տեսակէտներն ու ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւնները: Յայտագիրին նաեւ խօսուեցաւ գրաբարի ուսուցման կարեւորութեան, եկեղեցւոյ` տեսլական ունենալու կարեւորութեան, կազմակերպուածութեան, եկեղեցական կեանքին մէջ համագործակցութեան, աղանդաւորական շարժումներու իսկական նպատակներուն եւ այլ խնդիրներու մասին:

Քաղուած` <<Ազդակ>>էն








All the contents on this site are copyrighted ©.