2015-10-30 09:24:00

Արցախի Մատենադարանի բացումը տեղի կ՛ունենայ Նոյեմբերին


Գանձասարի վանական համալիրի հարեւանութեամբ կառուցուած ճեմարանի յարդարման եւ կահաւորման վերջին աշխատանքները կ՛ընթանան, եւ Նոյեմբերէն կառոյցը կը համալրէ Արցախի գիտական եւ մշակութային կեդրոններու ցանկը:

ԼՂՀ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեանի խօսքերով, «Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ պիտի ըլլան բազմաթիւ ցուցանմուշներ, գիրքեր, մագաղաթաներ, մատեաններ, որոնք կը ներկայացնեն Արցախի պատմութիւնն ու մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը: Շէնքի ճարտարապետական լուծումը այնպէս է, որ կառոյցի արտաքին տեսքը չէ փոխուած, այլ միայն յարմարեցուած է Մատենադարանի պայմաններուն:

«Գիտական աշխատանքի, գիտահետազօտական գործունէութեան համար կան բոլոր պայմանները: Կայ դահլիճ, որտեղ պէտք է անցկացուեն գիտաժողովներ, հանդիպումներ: Հետազօտական աշխատանքների, ուսումնասիրութիւնների համար նոյնպէս կան պայմաններ»,- ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է Աղաբալեան` աւելցնելով, որ սկզբնական փուլին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի աշխատողները ներգրաւուած պիտի ըլլան ծրագրին մէջ` պիտի օգնեն ոչ միայն գործընթացը սկսելու, այլեւ մարդուժ պատրաստելու հարցով:

Նարինէ Աղաբալեան շեշտած է, որ կառոյցին վայրը պատահական չէ, քանի որ Գանձասարը ոչ միայն Արցախի հոգեւոր, այլ նաեւ գրչութեան եւ արուեստի կեդրոն կը համարուի: Վանական կեդրոնը ունեցած է ձեռագրատուն, ձեռագիրներու հարուստ հաւաքածոյ, որոնց մեծ մասը, ցաւօք, դարերու ընթացքին ոչնչացուած է:

«Գանձասարից բացի, Արցախում շատ են եղել գրչութեան կենտրոններ, ստեղծուել են բազմաթիւ ձեռագրեր: Արցախեան մանրանկարչութիւնն Արցախի մշակութային ժառանգութեան կարեւոր բաղադրիչներից է եւ, մատենադարան ստեղծելով, փորձ է արուելու այդ ժառանգութիւնը պահպանել եւ հանրահռչակել: Փորձելու ենք ժամանակաւոր եւ մշտական ցուցադրութիւնների միջոցով ներկայացնել այդ հարստութիւնը»,- ըսած է Նարինէ Աղաբալեան` աւելցնելով, որ Մատենադարանի բացման զուգահեռ պիտի կայանայ նաեւ Արցախի հոգեւոր եւ գրչութեան կեդրոններու վերաբերեալ պատկերագիրքի շնորհանդէսը:

«Սա մեր ունեցածն ի մի բերելու եւ ներկայացնելու հնարաւորութիւն է, քանի որ ունեցել ենք նկարիններ, մտաւորականներ, գրողներ եւ այն ամէնը, որ ստեղծուել է  նախորդ սերունդերի կողմից որպէս պատմամշակութային ժառանգութիւն, պէտք է կարողանանք պահպանել, վերարտադրել եւ ներկայացնել»,- ըսած է Արցախի մշակոյթի նախարարը:

Նարինէ Աղաբալեանի փոխանցմամբ, Մատենադարանին մէջ քանի մը տարիէ կը պատրաստուին արցախեան ձեռագիրներու ընդօրինակութիւններ: Ներկայ դրութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկը խոստացած է շուրջ հարիւր ցուցանմուշ տրամադրել: Արցախի մէջ վստահ են, որ այդ թիւը ժամանակի ընթացքին կը բազմանայ, քանի որ Մատենադարանի վերակառուցման զուգահեռ կը կատարուին հաւաքագրման աշխատանքներ:

Արցախի մատենադարանի շինարարական աշխատանքը կը ղեկավարէ ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը եւ ճարտարապետը այն անձն է, ով ժամանակին նախագծած էճեմարանի շէնքը:  Շէնքի կառուցման համար մեծ ներդրում կատարած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմանդրամը` ԼՂՀ կառավարութեան տրամադրելով 138 միլիոն դրամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.