2015-10-29 11:55:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ


Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Հաւատքը (Ե)

Քրիստոնեան իր հաւատոյ դաւանանքին մէջ կը յայտարարէ՝ «Հաւատամք եւ ի սուրբ Հոգին, յանեղն եւ ի կատարեալն. որ խօսեցաւ յօրէնս եւ ի մարգարէս եւ յաւետարանս. որ էջն ի Յորդանան, քարոզեաց զառաքեալսն, եւ բնակեցաւ ի սուրբսն»։

«Կը հաւատանք նաեւ Սուրբ Հոգիին՝ անեղ եւ կատարեալ, որ խօսեցաւ օրէնքի, մարգարէներու եւ աւետարաններու միջոցաւ։ Որ իջաւ դէպի յորդանան, քարոզեց առաքեալներու միջոցաւ եւ բնակեցաւ սուրբերու մէջ»։

Սուրբ Գրիգոր նարեկացի՝ Հաւատամքի այս տողերու մասին «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագրքի 34րդ գլխուն մէջ կը գրէ՝

«Հօր եւ Որդւոյն հետ մշտապէս կʼօրհնենք եւ կը բարեբանենք

Անոնց էակից հոգին։

Ան ամենազօր է,

կատարեալ, սուրբ եւ ճշմարիտ։

Ան արարածները ստեղծեց ոչնչէն.

ինքնագործ է, եւ իշխանակից միւս երկու անձերուն՝

անեղծ, եւ անսահման թագաւորութեամբ,

առաջին պատճառը, եւ ահաւոր բանը՝

նոյն այդ ինքնութեան,

նոյնն է նաեւ բարձրացած Հոգին։

Բարի ինքնակալ,

Հօր պարգեւները բոլորին բաշխող՝

Յանուն Միածնի փառքի պանծացման։

Ան սահմանեց օրէնքները,

ներշնչեց մարգարէները,

առաքեալներուն մէջ տպաւորուեցաւ ազգակիցի փչմամբ.

Աղաւնակերպ յայտնուեցաւ Յորդանանի վրայ,

Եկողի փառքի մեծութեան համար.

Փայլեցաւ աւանդական գրքերուն մէջ,

իմաստուներուն հանճար տուաւ եւ զանոնք զօրացուց,

վարդապետները կատարեալ ըրաւ,

օծեց արքաները, օգնեց թագաւորներուն,

վերակացուներ տուաւ, փրկութիւններ դասաւորեց,

ձիրք շնորհեց, քաւութիւններ հանդերձեց։

Քրիստոսի մահուամբ՝ մկրտուածներս

Իր բնակութեամբ մաքրագործեց։

Հօր եւ Որդւոյ հետ

Նաեւ Սուրբ Հոգին ներգործեց։

Ան Աստուած է

Խնկուած տիրապէս,

Ամեն ինչ եւ ամէն ինչի մէջ»։

Սուրբ Հոգին, Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ անձն է, Աստուած եւ հաւասար Հօր եւ Որդւոյն։ Ինչպէս Սուրբ Գրիգոր կը գրէ՝ Սուրբ Հոգւոյն զօրութամբ կը կատարուի արարչութիւնը, իր շնորհքով եւ զօրութեամբ քրիստոնեայ հաւատացեալը կը մաքրագործուի եւ կը սրբանայ։ Սուրբ Հոգին կը խօսի Աստուածաշունչի մէջ եւ կը պարգեւէ շնորհքներ։

Պօղոս Առաքեալ իր նամակներուն մէջ կը ներկայացնէ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները՝

մարգարէութեան, պաշտօնի, ուսուցանելու, մխիթարելու, առատաձեռնութեան, փութկոտութեան, լրջմտութեան, (Հռովմ ԺԲ. 6-8) իմաստութեան, գիտութեան, հաւատքի, բուժելու կարողութեան, զօրութեան, հոգիներու ընտրութեան, լեզուներու (Ա. Կոր ԺԲ. 8-10) եւն.։

Եթէ քրիստոնեան ընդունի Սուրբ Հոգիի այս շնորհքները եւ համապատասխանէ անոնց ապա իր կեանքին մէջ արդիւնք ցոյց կու տայ։ Ասոր համար Պօղոս Առաքեալ Գաղատացիներու ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ՝ «Իսկ պտուղ Հոգւոյն այս՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղ Ե. 22-23)

�տութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղ Ե. 22-23)








All the contents on this site are copyrighted ©.