2015-10-29 13:19:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Լիթուանիայի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 29 հոկտեմբեր 2015-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Լիթուանիայի հանրապետութեան նախագահ` Տալիա Կրիպոսքեթէն որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, գնահատուեցան Լիթուանական ընկերային կեանքի ծիրէն ներս Եկեղեցւոյ տուած դրական սատարը։ Ապա շօշափուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր հայող` եւրոմիութեան անդամակցութեան, պետութիւններու միջեւ աւելի զօրեղ զօրակցութեան անհրաժեշտութեան` դիմագրաւելու համար ներկայի մարտահրաւէրները, գաղթականներու հիւրընկալութիւնը եւրոպայի մէջ, խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը ըլլայ շրջանային ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, Ուկրանիոյ հակամարտութիւնը ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը ու յատուկ օրէն Սուրիոյ եւ Սուրբ Երկրի մէջ տիրող իրավիճակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.