2015-10-28 08:32:00

Ֆրանքֆուրթի գիրքի ցուցահանդէսին կը ներկայացուին Հայկական նիւթերով նոր գիրքեր


Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի՝ աշխարհի վրայ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը նկատուած գիրքի այս տարուան ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած են հայութեան մասին հրատարակուած գերմաներէն բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ։
Անոնց շարքին են Միխայիլ Հեսմանի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքը, որուն մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Վատիկանի գաղտնի արխիւներէն ցարդ չհրապարակուած փաստաթուղթեր, Եուրկեն Կոթշլիխի «Ցեղասպանութեան Մեղսակիցը», որ գերմանական բանակի դերակատարութեան շուրջ մանրամասն հետազօտութիւն մըն է։ Այլ նոր հրատարակութիւն մըն է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գերմաներէնով Մամուլին մէջ 1912-1922» գիրքը, որուն հեղինակն է Երուանդ Ֆիկիկեան։
Ցուցահանդէսին ցուցադրուած գիրքերու շարքին է Միհրան Տապաղի ու Քրիստին Փլաթի «Կորուստ Եւ Ժառանգ. Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրողները Կը Վերյիշեն» գիրքը, որուն մէջ ներառուած են 80-95 տարեկան հայերու հետ 1989էն մինչեւ 1996 Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Իտալիոյ եւ յունական Կիպրոսի մէջ կատարուած 140 հարցազրոյցներ։
Այս տարի ներկայացուած նոր գիրքերու շարքին է Պարոյր Սեւակի 28 բանաստեղծութիւններու գերմաներէն թարգմանութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.