2015-10-28 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի սպաս Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի,   28 հոկտեմբերի  առաւօտեան,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած՝ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք Հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զօրակցութեան  կոչ ուղղեց ի սպաս Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի ժողովուրդներուն որոնք վերջերս թիրախ դարձան աղէտալի  երկրաշարժին  որ  պատճառեց անթիւ մեռեալներ, վիրաւորներ ինչպէս նաեւ անհամար նիւթական վնասներ։

Նորին Սրբութիւնը իր ուղղած կոչին մէջ հրաւիրեց աղօթել զոհերուն, վիրաւորներուն ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ անտուն մնացող մարդոց համար, հայցելով Աստուծմէ  սփոփանք տառապանքին մէջ եւ Քաջութիւն` դժբախտութեան մէջ։

Կոչին աւարտին  Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարեց.  ‘'թող  չպակսի մեր այս եղբայրներուն նկատմամբ մեր շօշափելի  զօրակցութիւնը''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.