2015-10-28 08:55:00

Հայաստանը ամէնէն ապահով երկիրներու շարքին 9-րդն Է


Gallup կազմակերպութեան «Համաշխարհային իրաւունք եւ կարգ- 2015» զեկոյցը (Law and Order Index) կը ներկայացնէ այն երկիրները, ուր մարդիկ իրենց աւելի ապահով կը զգան գիշերը առանձին քալելու ատեն, կը գրTert.am-ը՝ վկայակոչելով  The Independent-ը:

Ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ Հայաստանը:

Ցուցակը կը չափէ մարդոց անձնական անվտանգութեան զգացողութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց սեփական փորձառութիւնները իրաւապահ մարմիններու հետ:

Զեկոյցը հիմնուած է 2014 թուականին 141 երկիրներու մէջ իրականացուած աւելի քան 142.000 հարցազրոյցներու հիման վրայ:

Հարցման մասնակիցներուն, ի թիւս այլ հարցերու, հարց տրուած է. «Դուք ձեզի քաղաքին մէջ կամ ուր որ կ՛ապրիք ապահով կը զգա՞ք գիշերը քալելու ատեն»:

Կայքը կը ներկայացնէ զեկոյցին մէջ ընդգրկուած «ամէնէն ապահով» եւ «ամէնէն անապահով» տասը երկիրները.

 

Ամէնէն ապահով երկիրներու 10-եակը.
Սինկափուր` 91 տոկոս,
Հոնքոնկ` 91 տոկոս,
Նորվեկիա` 86 տոկոս,
Սպանիա` 85 տոկոս,
Ռուանտա` 85 տոկոս,
Ինտոնէզիա` 85 տոկոս,
Սլովենիա` 84 տոկոս,
Տաճիկիստան` 83 տոկոս,
Հայաստան` 82 տոկոս,
Աւստրիա` 81 տոկոս:

 

Ամէնէն անապահով երկիրներու 10-եակը.
Վենզուելա` 22 տոկոս,
Կապոն` 29 տոկոս,
Քոնկօ` 30 տոկոս,
Հարաւային Ափրիկէի  Հանրապետութիւն` 31 տոկոս,
Փարակուայ` 32 տոկոս,
Աֆղանիստան` 34 տոկոս,
Պոցուանա` 35 տոկոս,
Լիպերիա` 35 տոկոս,
Պրազիլ` 36 տոկոս,
Զամպիա` 36 տոկոս:








All the contents on this site are copyrighted ©.