2015-10-28 08:39:00

«Իսլամական Պետութեան» գրոհայինները պայթեցուցած են Փալմիրի հնագոյն սիւները


«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գրոհայինները Սուրիոյ Փալմիր քաղաքին մէջ ոչնչացուցած են հնագոյն երեք սիւն:

Panorama.am-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը գրէ Կազետա.ռու կայքը:  Կը յայտնեն, որ նախքան պայթեցնելը գրոհայինները սիւներուն կապած են երեք մարդ:

Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ ԻՊ ահաբեկիչները կը սպառնան պայթեցնել Փալմիրի հռոմէական ամֆիթատրոնը:

Յիշեցնենք, որ ԻՊ-ն Փալմիրը գրաւած է Մայիսի վերջը` մուտք գործելով քաղաքի արժէքաւոր աւերակներ: Քաղաքը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵԿՕ-ի վտանգի տակ յայտնուած համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ: Օգոստոսին գրոհայինները աւերած էին  քանի մը արժէքաւոր յուշարձաններ` հողին հաւասարեցնելով Պաալ Շամին տաճարը եւ Պէլի տաճարին մէկ մասը:








All the contents on this site are copyrighted ©.